Page 255 - Demo
P. 255
հետապնդեցին եւ ժամանակ մը դադրեցա ն յարաբերութիւնները հայկական հարցի [ ] շուրջ: Եթէ չհաչուենք Զօհրապ էֆէնտիի պաշտօնական մէկ երկու տեսակցութիւններ Խալիլ Թալաաթ պէյերու հետ Թուրքերու անպաշտօն խօսակցութեան երկրորդ փուլը, , կը սկսի Հալաճեան Պետրոս էֆէնտիի Փարիզէն վերադառնալէ վերջ : Թալաաթ պէյը օգտուելով Հալաճեան էֆէնտիի ներկայութենէն ցանկութիւն յայտնած էր մեր հարցի մասին խօսիլ անոր հետ եւ միջնորդի դեր տալ անոր սեպ -տեմբերի սկզբին Տեսնուելէ առաջ Հալաճեան էֆ դիմեց Ապահովութեան Յանձնաժո : . -ղովի երկու անդամներուն եւ յայտնելով Թալաաթ պէյի ցանկութիւնը անոնց կարծիքը ուզեց Յիշեալ անդամները վնաս մը չտեսան այս տեսակցութեան մէջ քանի որ մեր: , նպատակն էր միշտ առիթէն օգտուիլ լուսաբանելու մեր խնդիրը Թուրքերու առջեւ եւ համոզելու զանոնք այսպիսով օժանդակած կ՚ըլլայինք նաեւ դեսպաններու դիմումնե . -րուն Յիշեալ անդամները իբր պայման դրած էին սակայն որ Հալաճեան էֆէնտին ոչ: , մէկ պաշտօնական հանգամանք պիտի ունենար եւ նոյն իսկ չպիտի յիշէր թէ այս մասին , տեսնուած ըլլայ Հայ ղեկավար շրջաններու հետ : Հալաճեան էֆէնտին ինքն իսկ համամիտ գտնուելով ատոր աւելցուց որ ինքը , պայման պիտի դնէ թէ եթէ թուրքերու կողմէ շատ որոշ եւ շօշափելի առաջարկներ չըլլան որ համոզեն եւ զինքը ինքը յանձն պիտի չառնէ խօսիլ այդ մասին ոչ մէկ Հայի , հետ: Առաջին տեսակցութիւնը դարձած է մեր հարցի ընդհանուր գիծերու շուրջ եւ մեր ամենաէական պահանջներու վրայ : Հալաճեան էֆէնտին բացատրած է թէ մեր ձեռքը չէ Հայկ հարցը հանել միջազ . -գայնութենէն բայց կրնանք օժանդակել իրենց միջազգայնութեան ամենաթոյլ ձեւը, ընդունել տալու թէ հայերու համար ամենէն կենսական խնդիրը կէս առ կէսի , սկզբունքն է եւայլն Թալաաթը ուզած է ունենալ մեր պահանջները աւելի ձեւակեր : -պուած հանգամանքով Երկրորդ տեսակցութեան Հալաճեան էֆէնտիին բացատրուե : -ցան անոնք իրենց ընդարձակ պատճառաբանութիւններովը Քանի մը օրէն վերջ յիշեալ : էֆէնտին բերաւ Թուրքերու տրամադրութիւնները մեր պահանջներու նկատմամբ որ , հետեւեալն է : Ա Թուրքերը չեն կրնար ընդունիլ Հայկական մէկ շրջանի կարեւորութիւնը.- . կ՚ընդունին երկու քննական շրջան միայն : Բ Կ՚ընդունին երկու ընդհանուր քննիչներ եւրոպացի բայց բացարձակապէս.- , կ՚ընդդիմանան ընտրել զանոնք եւրոպական Տէրութեանց համաձայնութեամբ : Գ Յուսալի է որ ընդունին ընդհանուր քննիչներուն լայն իրաւունքներ տալը.- , ինչպէս նաեւ ընտրելու եւ հրաժար ե ցնելու բոլոր պաշտօնեաները [ ] : Դ Կէս առ կէսի համեմատութիւնը կ՚ընդունին միայն ընդհանուր ժողովներու մէջ.- թեթեւ վերապահութեամբ ի հարկին համաձայնած են փոխելու վիլայէթներու ներկայ . սահմանները Հայերու թուական հաւասարութիւն ստեղծելու նպատակով : Ե Ժանտարմներու մէջ կէս առ կէս սկզբունքի դէմ թեթեւ վերապահում մը ունին.- եւ կը տարակուսին թէ հայերը համաձայնին անոր : Զ Վալիները ընտրելու եւ հրաժարեցնելու իրաւունքը ընդհանուր քննիչներուն.- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 255

