Page 69 - Demo
P. 69
4.- Գերման դեսպ անատունէն անպաշտօն կերպով դիմած էին մեզ առաջարկելով [] իրենց նիւթական աջակցութիւնը հայ դպրոցներուն Այս առթիւ կ՚առաջարկէին որ : երկու ներկայացուցիչ Պատրիարքարանը եւ երկու ներկայաց ուցիչ Միացեալ [] Ընկ երութիւնը[] 61տրամադրէին իրենց երկու ներկայ ացուցիչներու հետ յանձնաժողով [] մը կազմելով գերմանացիներու աջակցութեան ձեւը որոշելու եւ մշակելու համար : Ժողովը ընտրեց այդ պաշտօնին համար երկու գերմանագէտ ազգայիններ 62: Ժողովը տեղեկացաւ նաեւ թէ նոյնպիսի դիմումներ եղած են մեզ ֆրանսացիներու եւ ռուսներու կողմէ Այդ գործերով զբաղող անձերու ընտրութիւնն եւս յետաձգուեցաւ : յաջորդ նիստին : ––––– 9/22 Սեպտ. Խորհրդ եւ Ապահ Յանձ Նիստ. . . Ժամանակը ուշ ըլլալով կարդացուեցաւ Ապահով Յանձ ընդարձակ տեղեկագիրը . . գործին նորագոյն շրջանին վերաբերող 63: Որոշուեցաւ սպասել ռուս դեսպանին շարունակուող դիմումներու արդիւնքին , գերմ դեսպանի Բերլինէն պահանջած հրահանգներուն եւ Նուպար Բաշայի Բերլին. այցելութեան հետեւանքներուն քանի մ՚օրէն պիտի մեկնէր Բարիզէն ( ): ––––– 61 Պաշտօնական անունով՝ Միացեալ Ընկերութիւնք Հայոց Այս կրթական եւ բարեգործա : -կան կազմակերպութիւնը հիմնուեր է Յունիս 1 1880- ին Պոլիս մինչ այդ իրարմէ անջատ, գործող Արարատեան Դպրոցասիրաց Արեւելեան եւ Կիլիկեան նոյնանպատակ միութիւն , - -ներուն միաձուլումով եւ հիմնադրման թուականէն իսկ վայելելով հովանաւորութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան Իր գործու : -նէութեան ամենաեռուն եւ ամենաընդարձակ շրջանին ընկերութիւնը հոգացեր է ութ , տասնեակէ աւելի կրթարան մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին պայմաններու , բերումով իր դադրիլը գործելէ :62 Աստուածատուր Խաչատրեանի ստորագրութեամբ 26 Սեպտեմբեր 1913- ին Ղալաթիոյ մէջ գրուած տեղեկագրի մը հիման վրայ կրնանք ըսել թէ այդ երկու ազգայիններն էին բանասէրներ Յակոբ Թոփճեանն ու Ա խաչատրեանն ինք . : 25 Սեպտեմբեր Հոկտեմբեր/8 1913- ին կայացած հանդիպման վերաբերող տեղեկագրին համար տեսնել Յաւելուած 18: 63 Դիւանաթուղթերուն մէջ չենք հանդիպած նշեալ տեղեկագրին Այլուր հանդիպած ենք : 5/18 Սեպտեմբեր 1913 թուակիր տեղեկագրի մը որ թարգմանուած է ֆրանսերէնէ Տեղեկագիր , « Ազգային Պաշտպանութեան Քոմիթէին Ուղղեալ Առ Բարձրաշնորհ Գաբրիէլ Եպիսկ . Ճէվահիրճեան Պատրիարքական Տեղապահ խորագրով տես Յաւելուած, » ( 19): Հակառակ խորագրին շփոթեցուցիչ ըլլալուն վստահութեամբ կրնանք ըսել թէ ա՛յս է ատենագրու , -թեան մէջ ակնարկուած տեղեկագիրը եւ Ազգային Պաշտպանութեան Քոմիթէ ն պարզա « » -պէս Ապահովութեան Յանձնաժողովն է :ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 69

