Page 86 - Demo
P. 86
Յետոյ թիւրքերու կողմէ եկած այս առաջարկներու նկատմամբ ինչպէս նաեւ մեր, , դիրքը անոնց հանդէպ որոշելու մասին թեր եւ դէմ երկար վիճաբանութիւններ տեղի ունեցան: Մաս մը ժողովականներէ առանց պետութիւններու բանակցութեանց վնասելու , , միջնորդի դեր թիւրքաց եւ դեսպաններու ստանձնել եւ համաձայնութեան բերելը ( ) օգտակար կը համարէին քանի որ թիւրքերը շատ նեղ կացութեան մէջ կը գտնուին այս , վայրկենին եւ դիւրին է թերեւս մղել զանոնք նոր զիջումներու միւս մասը վնասակար . կը համարէր խօսիլ անոնց հետ որ պատրուակ պիտի ըլլար աւելի անհաշտ դիրք , բռնելու դեսպաններու առաջարկութեանց հանդէպ առիթ մը պիտի դառնար ձգձգելու . բանակցութիւնները եւ ժամանակ վաստկելու եւ վերջապէս ոչ մէկ հաւատ ունին թէ թիւրքերը անկեղծօրէն պիտի ընդունին եւ գործադրեն ոեւէ որոշում եւ խիստ վնասակար կը նկատեն նման բանակցութիւններ որ կրնայ վտանգել մեր հարցին , միջազգային հանգամանքը Կ՚առաջարկէին այդպիսի պարագաներուն պատասխանել : , անոնց թէ մեզի հետ խօսելու ոչ մէկ կարիք կայ մեզի առաջարկածները թող ուղղակի, , դեսպաններուն առաջարկեն եւ անոնց հետ խօսին Այսպիսով եթէ մեր իրական պա : , -հանջները չընդունուին գոնէ անոնք ընդունուած կ՚ըլլան առանց մեր հաւանութեան , : Զոհրաբ էֆ արդէն հաղորդած էր Խալիլին թէ իրեն հետ խօսիլը անօգուտ կը . համարէ որովհետեւ հայերը ոչ մէկ վստահութիւն ունին այլեւս, : Խալիլը նորէն հրաւիրած է Զոհրաբ էֆ որ գացած եւ ժողովի որոշման համաձայն ., պէտք եղածը խօսած էր : ––––– 18[/31] Դեկտ. 913 Խառն Յանձնաժողովներու Նիստ Բ Դռան պատասխանը գերմ եւ ռուսական դեսպանին ժողովի վիճաբանութեան. . նիւթն էր 101: Ժողովը զբաղեցաւ նաեւ երեսփոխաններու եւ ժողովրդի մէջ ծագած այն կասկածներով եւ երկիւղով որու համաձայն իբր թէ անհատներն անձնական , քաղաքականութիւն կը հետապնդեն եւ այսպիսով կը վնասեն դատին : Այս վերջին կէտի մասին պէտք եղած բացատրութիւնները տրուելով ժողովը մէկ , անգամ ընդ միշտ կասկածներ փարատելու նպատակով շեշտեց այն որոշման վրայ որ , Ապահով Յանձնաժողովը սկիզբէն ի վեր սկզբունք դրած էր սակայն գործնականին. , մէջ միշտ չէր կրցած գործադրել այն է դեսպաններու հետ պաշտօնական տեսակցու , .- -թեանց մէջ մեր ներկայացուցիչները առանձին չը ղրկուին այլ երկու հոգով Ս , : . Պատրիարքը իբր պատասխանատու անձն իր վրայ պիտի կեդրոնացնէ բոլոր յարաբե , -րութիւնները եւ նոյն իսկ ինքը ի հարկին միայնակ չը պիտի տեսնուի օտար դեսպան , -ներու հետ Իսկ անպաշտօն տեսակցութիւններ հարկաւ պէտք է սակայն յարաբե : , -101 Տես Յաւելուած 31:86 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

