Page 134 - Demo
P. 134
գտնել գործօն մասնակցութիւն մը եւ նկատի ունէին ձեր օժանդակութիւնը : Սակայն համոզուած եմ որ բոլորովին կը բաժնէք Պատգամաւորութեան կար , -ծիքը եւ անձնապէս յոյս կը դնեմ ձեր խոհականութեան եւ այն ազդեցութեան, վրայ զոր ունիք մեր հայրենակիցներուն մօտ արգիլելու համար անոնք , վտանգելէ ազգային դատը այն վայրկեանին որ ամէն ժամանակէ աւելի պէտք ունինք միացնելու մեր բոլոր ջանքերը Պետութիւններէն ստանալու համար , հայ ժողովուրդին ճակատագրին բարելաւումը լրջօրէն երաշխաւորեալ , բարենորոգումներու գործադրութեամբ : Այս յոյսով կը խնդրեմ Գերապատիւ Տէր որ ընդունիք խորին յարգանքիս , , , հաւաստիքը: Պօղոս Նուպար Բարիզ Փետր 7 . 1913 Սիրելի Սրբազան Չեմ գիտեր թէ տակաւին Եգիպտոս ես բայց շատ գոհ պիտի ըլլայի . իմանալով որ հոդ ես եւ հոդ կը մնաս առայժմ Հաւանօրէն առիթը պիտի : ունենամ աւելի երկարօրէն գրելու Ձեզի Առայժմ կը գոհանամ երկտող մը : գրելով փաշային նամակէն օգտուելով, : Անշուշտ իմացար հոս հրաւիրուելուս պատճառը իբրեւ քարտուղար Ազգ . Պատգամաւորութեան եւ իբրեւ մասնաւոր քարտուղար Պօղոս փաշա Նու -պարի Ահագին գործ ունիմ փաշային գրասենեակը դիւանատունի մը վե: . -րածուած է ուր կ՚անցընեմ ամբողջ օրս Եւ արդէն Բարիզը աչքս հրապուրելու , : բնոյթ չունի աչքս ետիս է Գահիրէ եւ Իզմիր ուր գործերս եւ սիրելիներս երեսի . , , վրայ ձգած եմ կը մտածեմ միշտ ծեր հօրս եւ խեղճ նշանածիս վրայ կը մտածեմ . . նաեւ անձնական գործերուս եւ Միութեան վրայ եւ այս հոգերով ծանրա , -բեռնուած սիրտ չունիմ արդէն օդն ալ աղտոտ է եւ տխուր յաճախ Միակ, . , : հաճոյքս աշխատութիւնը եւ թատրոնն են Արդէն ժամանակ ալ չունիմ այլապէս : զբաղուելու: Պատգամաւորները շատ յուզուեցան կարդալով Արթին փաշային վերջին նամակը՝ ինքնապաշտպանութեան Յանձնաժողովի կազմութեան մասին եւ , տրուած որոշման վրայ է որ փաշան անձնապէս Ձեզի ալ գրել յարմար տեսաւ . չելլաս նորէն néfaste [= չարաղէտ դեր մը վերագրես ինծի] 100, որովհետեւ վերջին անգամ Աղեքսանդրիայէն լաւագոյն տրամադրութիւններով բաժնուեցայ եւ , նոյն իսկ մտադրեցի գետին մը պատրաստել ապագային համար Բայց հոս : 100 Իմ Եգիպտոս հասնելուս երկրորդ կամ երրորդ օրն էր Մալէզեան Աղեքսանդրիա եկած էր . Փարիզ մեկնելու համար Բաւական վիճաբանութիւն ունեցանք իրեն հետ մեր ծրագրի : շուրջ եւ երբ Տամատեան եւ ուրիշներ կը խնդրէին Մալէզեանէն որ Փարիզի մէջ նպաստի, , գործին աշխատի այն ատեն Մալէզեանի ալ ներկայութեան ըսի ամենուն Ես յոյս չունիմ , . « Մալէզեանէն գալիք օգնութեան աւելի կը վախնամ անոր կողմէ ըլլալիք . néfaste ձեռնարկէ մը Մալէզեան իր այս նամակով կ՚ակնարկէ այս խօսքիս»: :134 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)