Page 154 - Demo
P. 154
Յստակացումներ երկու այլ աղբիւրներու մասին Գաղթահայերու պատմութիւնն իր ուսումնասիրութիւններուն առարկայ դարձու -ցած Յովհաննէս Թոփուզեան Ազգային Պաշտպանութեան Կոմիտէի մասին կ՚ըսէ թէ պալքանեան պատերազմներու ժամանակ Վերակազմեալ Հնչակեան եւ Սահմանադ -րական Ռամկավար կուսակցութիւններու ազատական ուղղութենէն դժգոհ տարրեր Տամատեանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպեցին Ազգային ինքնապաշտպանու « -թեան կոմիտէն որ կը պաշտպանէր Կիլիկիոյ մէջ զինեալ ապստամբութիւն բարձրա », -ցնելու ծրագիրը եւ անմիջապէս կոմիտէին կազմութեան յանդուգն գաղափար ին , « » ծագումը կը կապէ Զէյթունի աղաներէն մէկուն զէյթունցիներու ծրագրած ապստամ « » -բութեան օգտին դրամահաւաքի նպատակով Եգիպտոս ժամանման հետ նկատի , ունենալով Գէորգ Ե ի ուղղուած Լեւոն Մկրտիչեանի . 3 Մարտ 1913 թուակիրը զոր, ներկայացուցած եւ ծանօթագրած ենք նախապէս : 124Նա՛խ կը դժուարանանք հասկնալ թէ հեղինակն ստուգիւ ի՛նչ բան ունի ի մտի, «ազատական իր բառով՝ լիբերալ Վ Ղ ուղղութիւն ըսելով Ապա՛ փորձանաւոր է [ - . .] » : , «յանդուգն գաղափար ին ծագման առնչումը զէյթունցի աղայի մը այցելութեան » : Մկրտիչեանի նամակը անառարկելի հիմնաւորում մը չ՚ընծայեր Տամատեանի եւ համախոհներու անկախաբար յղացած գաղափարին վերաբերեալ նման հաստատումի համար: Թոփուզեան նաեւ կը գրէ թէ յոյն արտաքին գործոց նախարար Կարոմիլիսից « օգնութեան հաւաստիք ստանալով կոմիտէն ձեռնամուխ եղաւ ապստամբութեան », նախապատրաստութեան Ապա կը նշէ թէ նախապատրաստական աշխատանքներն: աւարտելով կոմիտէն Մուշեղ Սերոբեանն ուղարկեց Աթէնք՝ յոյներէն խոստացուած օգնութիւնն ստանալու եւ թէ Կարոմիլիսը հրաժարուել է իր խոստումից առարկելով , « , «, թէ ուշ է »» եւայլն: Քիչ անդին Թոփուզեան նաեւ ձախող ցամաքահանման անդրադառնալով կը գրէ , . «... կոմիտէն զէնքերն առագաստանաւով ուղարկել է Չորք Մարզուան -»: Մեր ցարդ ներկայացուցած տեղեկութիւններէն կը հետեւի թէ Թոփուզեանի աշխատութեան մէջ ուղղելի են ժամանակագրական հերթականութեան հետ կապուած եւ այլ տուեալներ : Կոմիտէն ապստամբութեան նախապատրաստութեան ձեռնարկած էր յոյն նախա -րարին հետ տեսնուելէ առաջ եւ անոր հետ տեսակցութիւնը մաս կը կազմէր ընթացող պատրաստութիւններուն Նախարարը ուշ մնացած ըլլալու ակնարկութիւնն ըրած: « » էր Տամատեանի՝ նախարարութեան հետ սկզբնական յարաբերութեան առիթով : Կոմիտէն Բարսեղ Օհանեա՛նը ղրկած էր Աթէնք՝ խոստացուածը ստանալու համար . Սերոբեան Օհանեանի ընկերակցութեամբ Աթէնքէն անցած էր այլ առաքելութեամբ , թէեւ ինչպէս Ինքնակենսագրութեան մէջ կը գրէ անհատական նախաձեռնութիւն մը, , կատարած էր նախարարատան մէջ Զէնքերու Չորք Մարզուան փոխադրութեան : - 124 Թոփուզյան, 169: 154 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)