Page 275 - Demo
P. 275


                                    ներում մը ձեռք բերուի եւ անոնք կարող ըլլան առանց արգելքի վերադառնալ իրենց              հայրենիքը եւ շէնցնել երկիրը յորմէ առաջին օգտուողը՝ յայտնի է մեր օսմ պետու    ,      ,  .   -թիւնը պիտի ըլլայ  : Գ.- Ինչպէս կ՚իմանանք հայաբնակ եօթը նահանգները երկու ընդհանուր       քննչութեան բաժնուած են եւ եթէ ստոյգ է որ առաջին քննչութեան կեդրոնը Տրապիզոն                պիտի ըլլայ ասիկա խիստ աննպատակայարմար է ըստ որում Տրապիզոնէն Կարնոյ ,     ,    , Վանայ եւ Պիթլիսի կուսակալութիւնները կառավարել շատ դժուար է մինչդեռ Կարինը         .   նոյն չորս կուսակալութեանց կեդրոն շատ դիւրութեամբ կարելի է նկատել եւ նոյնքան         ,    դիւրութեամբ եւ աւելի արդիւնքով կարելի է կառավարել անտի շրջակայ գաւառները           : Այս պարագան ալ Ազգ Պատրիարքարանիդ լուրջ ուշադրութեան կը յանձնենք որպէս    .      ,  զի առաւել նպատակայարմար կարգադրութիւն մ՚ըլլայ այդ մասին      : Այս կարգի էական խնդիրներուն համար մենք ի Կարին Ռուսական Գերմանական         , , Անգղիական եւ Ֆրանսական Հիւպատոսներուն ալ խօսած ենք կարեւորն եւ վերո              -յիշեալ ուղղութեամբ եւ մեր դիտողութեանց իրաւունք տրուած է եւ մեր խնդրանաց              վրայ նոյն Հիւպատոսները հաճութեամբ յանձն առին գրել ի Պոլիս իւրաքանչիւրն իր             դեսպանատան որպէս զի՝ եթէ հնար է ընդհ քննիչներու մանրամասն հրահանգաց,      , .    պատրաստութեան առթիւ այդ դիտողութիւններն ալ ուշադրութեան առնուին եւ ըստ           այնմ կարգադրութիւններ սահմանուին Ներկայիւս հարկ համարեցինք նոյնը Ազգ  :     . Պատրիարքարանիդ տեղեկագրել եւ յիշատակեալ խնդիրներու կարգադրութեանց       համար Ձեր հեղինակաւոր ջանքերն ու տնօրինութիւնը խնդրել այս մասին կարեւոր       ,    ձեռնարկներն ընելով : Ասոնցմէ զատ ընդհ քննիչներու Պոլիս ժամանելէն վերջ իրենց հետեւորդ պաշտօն  .        -եաներու եւ թարգմաններու ընտրութեան պարագան ալ տարակոյս չկայ որ Ազգ          . պատրիարքարանիդ ուշադրութեան առարկայ պիտի ըլլայ գէթ ի հեռուստ հետեւելու          համար թէ ո՛րպիսի անձեր կ՚որոշուին այդ կարեւոր պաշտօններուն եւ անյարմար ու             աննպաստ ընտրութիւններ կատարուած ատեն եթէ հնար է եւ պատշաճ կարեւորն   ,       ,  զգացնելու համար նոյն քննիչներուն որոնք նոյն պաշտօնեաներէ շրջապատուած   ,     ըլլալով շատ բնական է թէ անոնց կողմանէ տրուելիք բացատրութիւններու եւ           տեղեկութեանց ազդեցութեան տակ պիտի գտնուին գէթ որոշ չափով       : Եղբայրական ողջագուրանօք  Աղօթակից Առաջն որդ Կարնոյ Սմբատ Եպս Սաատէթեան[]   .   Յ Գ Հայաբնակ նահանգներու բարենորոգմանց մասին Ձեր Փետր. .      . 17 թուակիր կարեւոր շրջաբերականն եւ յարակից հարցարանն ու ծրագրի թարգմանութիւնն՝ այս           պահուս իսկ հաճութեամբ ստացանք անկորուստ եւ յառաջիկային ունիմք գրել Ձեզ           այդ մասին : Նոյն  ՊՏԴ տուփ,  3, թղթապանակ 2,  949– 952ՄՄՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)| 275
                                
   269   270   271   272   273   274   275   276   277   278   279