Page 277 - Demo
P. 277
վուրդը պիտի կարենայ ամփոփուիլ ապահովուիլ եւ բարգաւաճիլ պայմանով որ , , անոնք գործադրուին ուղղամտօրէն եւ ճշտօրէն : Անցեալի դառն դասերը հարկաւ չէին կրնար լաւատես ընել մեզ շատ մը խոստում -ներու վերաբերմամբ սակայն համամիտ ըլլալով հանդերձ որ ծայրայեղ խանդավա , ,- -ռութիւն վնասակար է անհրաժեշտ է սակայն գիտնալ գնահատել միանգամայն ձեռք ,- բերուած արդիւնքին իրական արժէքը ըստ այնմ զայն օգտագործելու եւ արդիւնա , -ւորելու համար Ոչ մէկ բարենորոգում որքան ալ լայն ու լրիւ ըլլայ այն արդիւնք մը չի : , , կրանար առաջացնել եթէ Հայ ժողովուրդին բոլոր ուժերը եւ մանաւանդ Ազգ իշխա , . -նութիւնները չգիտնան արդիւնաւորել զայն իրենց յամառ աշխատութիւններովը եւ հեռատես ու խելացի գործելակերպովը Ձեռք բերուած սոյն հիմնական կէտերու : արդիւնաւորման տեսակէտէն ամէնէն կարեւորը եւ անմիջական ձեռնարկները հետեւ -եալներն են որ յանձնելով Ձեր լուրջ ուշադրութեան կը հրաւիրենք անմիջապէս միջոց , , -ներ խորհիլ անոնց ժամ առաջ ի կատար ածման ամենախիստ խորհրդապահու , -թեամբ.- Ա ՎԻՃԱԿԱԳԻՐ Հայկական բարեկարգութեան ներփակ համաձայնագրէն.- .- պիտի տեսնէք որ Հայերու մասնակցութիւնը մինչեւ հիմնական մարդահամարի , կատարուիլը վիլայէթի ժողովներուն համար Մէճլիսը ումումի վիլայէթ էնճիւմէնի, ( ) Վան եւ Պիթլիս վիլայէթներուն մէջ պիտի գործադրուի կէս առ կէսի դրութեամբ իսկ , միւս վիլայէթներուն մէջ համեմատական հիմնուած Մահմէտականներուն համար , երեսփոխանական վերջին տոմարներու իսկ Քրիստոնեաներուն՝ իրենց Առաջնորդա , -րաններու կողմէ ներկայացուած ցանկերու վրայ : Ասկէ կը բղխի ուրեմն որ շուտով պիտի ձեռնարկուի ընդհ մարդահամարի՝ եւրո , . -պացի մասնագէտի մը հսկողութեան տակ Մինչ այդ քանի որ Առաջնորդարաններու : , ցուցակներու վրայ պիտի որոշուի Հայերու մասնակցութեան չափը ուրեմն կ՚ըմբռնէք , անշուշտ թէ որքան մեծ կարեւորութիւն պիտի ունենան լիակատար եւ ճշգրիտ ցու -ցակներ՝ Հայ ազգաբնակութեան : Արդ անցեալ տարի թէեւ մեր հարցացուցակներուն վրայ կազմած եւ ղրկած էք, , Ձեր թեմի Հայերուն թիւերը բայց ի նկատի ունենալով ներկայիս անոր ահագին կարե , -ւորութիւնը մեզ համար կը յանձնարարենք Ձեզ ձեռնարկել անմիջապէս սրբագրելու , , լրացնելու եւ մանրամասնելու վիճակագրութեան այն տախտակները որոնք պատրաս , -տած էիք մեր պահանջին վրայ այդ աշխատութիւնը կատարելէ վերջ բնագիրը . , առանձին տոմարներու մէջ կ՚արձանագրէք վաւերացնելով Ձեր Գաւառական վարչու ,- -թեան ստորագրութիւններով իսկ մէկ պատճէնը փութով կը յղէք պատրիարքարանս ,- : Աւելորդ անգամ մը եւս կը շեշտենք որ վիճակագրութիւնը շատ մանրամասն եւ ըստ կարելւոյն ստոյգ պիտի ըլլայ գիւղէ գիւղ որ փութով գլուխ հանուի ձեռնհաս եւ ( ), , բարեխիղճ յատուկ անձերու յանձնելով այդ աշխատութիւնը : Բ ՀՈՂԱՅԻՆ ՀԱՐՑ Բարենորոգման սոյն հիմերու մէջ պիտի գտնէք նաեւ.- .- յօդուած մը մը երկրի ամենակենսական հարցին հողային խնդրի մասին որ պիտի ,- ,- , լուծուի Ընդհանուր Քննիչներու անմիջական հսկողութեան տակ : ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 277

