Page 282 - Demo
P. 282
Յաւելուած 38 ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ56 ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔՆՆԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՏԵՍԱԿՑՈՂ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿԱ Ւ [ ] ՂՐԿՈՒԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ 1914 ՄԱՐՏ 25 Չենք կարծեր թէ հաւանական ընտրելիները շատ մօտէն ծանօթ ըլլան մեր երկրի վարչային կազմութեան օրէնքներուն անոնց գործադրման եղանակին ինչպէս նաեւ , , , Թուրքիոյ ազգագրական պայմաններուն եւ մասնաւորապէս Հայկական Վեց Վիլայէթ -ներու մէջ ապրող ազգութեանց եւ յատկապէս հայ ժողովուրդի կեանքին : Իրենց իրաւասութիւնները ճշտորոշելու եւ ըստ այնմ պահանջներ ընելու համար պէտք է որ ընդհ քննիչները հիմնովին ծանօթ ըլլան վերոյիշեալ պայմաններուն . : Յիշեալ պայմաններուն գիտակ ընելու ինչպէս եւ մեր դատի արդարութեանը ու ձեռք բերուած րըֆօրմներու իրական պարունակութեան՝ անոր բուն ոգիին հետ ծանօթացնելու նպատակով է որ խնդրեցինք ձեզ ստանձնելու յատուկ պատուիրա , -կութեան սոյն պաշտօնը Այդ աշխատանքին շնորհիւ միայն կարելի պիտի ըլլայ մեր : կողմէ պատրաստուած՝ Ընդհ Քննիչներու իրաւասութեանց վերաբերող . instuction-ները [= հրահանգները որդեգրել տալ անոնց որպէս զի Պոլիս ժամանելէն վերջը իբր] , , իրենց կողմէ եղած առաջարկ ներկայացնեն Բ Դրան կամ թերեւս անոնց միտքերը , . , պատրաստելու նպատակով ձեր կողմէ գործ դրած ջանքերու շնորհիւ նախ քան հոս , - գալերնին իրենք իսկ ուզեն դիմել ձեր աշխատակցութեանը՝ պատրաստելու համար- իրենց իրաւասութիւնները ճշտող instruction- ի մը նախագիծը որ կը տրամադրենք ( ձեզ Շատ գոհ պիտի մնանք գործի այդ ընթացքէն որովհետեւ հոս գալով պատրաս). , -տուած եւ բանաձեւուած առաջարկներով՝ անոնք զուր ժամանակ չպիտի վատնեն եւ ժամ առաջ իրենց պաշտօնատեղիներ պիտի ուղեւորին : Վարը պարզուած հարցերը իբր թելադրութիւններ առաջարկելով ձեզ անոնք պէտք , եղած ընդլայնումներով եւ լուսաբանութիւններով ճոխացնելու եւ գործածելու ձեւը կը թողունք ձեր իմաստութեանը Բաղձալի եւ նպատակայարմար կը թուի մեզի որ մերթ : , ընդ մերթ սոյն հարցերու մասին տրուելիք բերանացի ծանօթութիւններէ զատ , մատուցէիք նաեւ note- , եր որոնք մնայուն հանգամանք ունին եւ ուսումնասիրութեան համար աւելի շօշափելի են օգտակար կը նկատենք նաեւ անոնց տրամադրել մեր . հարցին նուիրուած եւ մեզի նպաստաւոր եղող գրականութիւնէն : Ահաւասիկ սոյն հարցերը որ կը դնենք հոս ձեր աշխատութիւնները դիւրացնելու , նպատակով: 56 Այս վաւերագրին վերի ձախակողմեան անկիւնը կապոյտ մատիտով նշուած է թէ թելա -դրութիւնները պատուիրակներուն յանձնուած կամ ղրկուած են 27 Մարտ Ապրիլ/9 1914-ին:282 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)