Page 48 - Demo
P. 48
եւ միտքեր պատրաստել մեր հարցին շուրջ 18: Ժողովը սկզբունքով նպատակայարմար եւ շատ անհրաժեշտ նկատելով հանդերձ , պէտք տեսաւ մեր այս մտադրութիւնը յայտնել ռուս դեսպանին անուղղակի կերպով զանոնք սխալ ենթադրութիւններու մէջ չը ձգելու նպատակաւ Դիմումներ, : կատարող անձերու ընտրութիւնն եւս յետաձգեց ռուս դեսպ կարծիքը առնելէ վերջ . : 2.- Նամակներու ընթերցումը թողուեցաւ Խորհրդ Ապահով Յանձ ին հետ կարդալու . . .- որ անմիջապէս պիտի գումարուէր : 3.- Անուղղակի կերպով լսուած էր որ դեսպաններու առաջին խորհրդակցութեան մէջ , կարծիքներու անհամաձայնութիւն գոյացած էր Քանի որ անոնց երկրորդ նիստը : պիտի գումարուէր կրկին եւ Գերմ դեսպանը ամէնէն զօրեղ հակառակորդը կրնար . նկատուիլ Ռուսիոյ շատ անհրաժեշտ տեսնուած էր , confidential [= խորհրդապա -հական տեսակցութիւն մը ունենալ Գերմ դեսպանի հետ] . : Համարատուութիւնը կատարուեցաւ շատ օգտակար ըլլալը ժողովը հաստատեց . . մեր պատուիրակը կրցեր էր զայն համոզել մեր պահանջներու գլխաւոր կէտերու մէջ սակայն առկախուեցաւ այն յիշատակագիրը որ մեր պահանջներու մէջ զայն. , համոզելու բնոյթը ունէր Ռուս դեսպ կարծիքը : . – միւս դեսպաններու հետ յարաբերութիւն սկսելու մասին – առնելէ վերջ ժողովը պիտի անդրադառնայ անոր19: 18 Ժողովն այս կէտին անդրադառնալ անհրաժեշտ նկատած էր այն պատճառով որ արդէն որոշուած էր բարենորոգումներու ծրագիրը քննարկել վեց մեծ պետութիւններու Կոս -տանդնուպոլսոյ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներուն կողմէ Այդ քննարկումները : սկսած էին 20 Յունիս Յուլիս/3 1913- ին աւստրօ հունգարական դեսպանատան խորհրդա- -կան Բանֆիլիի (Panfili) նախագահութեան ներքեւ Այդ պետութիւններու կեցուածքներուն : մասին ընդհանուր գաղափար մը կու տան Յաւելուած բաժնով ներկայացուող հակիրճ ատենագրութիւնները տես Յաւելուած ( 5): Ատենագրութիւններուն ընդարձակ տարբե -րակին համար տեսնել՝ Աւագեան Ս ., 121–188: Տես նաեւ Յաւելուած ՝ Գէորգ Ե ի նամակը 6 . Ճէվահիրճեան տեղապահին դեսպանատուներու ներկայացուցիչներու քննարկումներուն , հետ իր անմիջական աղերսին համար :19 Արշարունի Նուպարի ուղղած իր 22 Յունիս/5 Յուլիս թուակիրին մէջ կը յայտնէ թէ Վանկենհայմի հետ հանդիպումը կայացած է 21 Յունիս/4 Յուլիսին նշելով՝ Գերման, « դեսպանը բացարձակապէս անգիտակ ըլլալ կը թուի մեր պահանջներուն ». համոզում յայտնելով թէ միայն ֆրանսական ճնշումով Թուրքիոյ կրնայ հարկադրուիլ բարեկար -գութեան ծրագրին ընդունումը դիտել տալով թէ Անգլիան որ մէկ կողմէ կ՚ուզէ իրեն . ,- « կցուած պահել Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ համակրութիւնը միւս կողմէ չվանելու համար , Ռուսիան»,- պէտք է դրդել անկեղծօրէն եւ վճռականօրէն ստանձնելու հայոց դատը ապա . աւելցնելով Գերմանիա իբրեւ ամենազօրեղ հակառակորդ Ռուսիոյ խիստ նախապա. «, , -շարուած կը թուի այն ամէն ձեռնարկներուն նկատմամբ որ կը բղխին Ռուսիոյ կողմէն : ... Զանոնք համոզելու երկու կէտեր ունինք , 1) որ մեր պահանջները չափաւոր են եւ , 2) որմենք մասնաւորապէս կուրօրէն Ռուսիոյ փարելու ոչ մէկ պատճառ ունինք եւ Թուրքիոյ անբաժան մասը կ՚ուզենք կազմել՝ բարենորոգման պայմանով » (ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ Պատ, ): -րիարքին Վանկենհայմի հետ ունեցած հանդիպման ընդարձակ արձանագրութեան համար տեսնել Յաւելուած 7:48 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

