Page 77 - Demo
P. 77
խորհրդականներ նշանակելու հիման վրայ դեսպանը մեզի ղրկած էր մեր թելադրու] . , -թիւնները եւ կարծիքը առնելու համար : Ժողովը մէկ կողմէ քննութեան ենթարկեց [] 80զանոնք որոշելով մեր դիտողութիւն, -ները յայտնել դեսպանին բայց միւս կողմէ որոշեց պնդել վեց կէտերու վրայ իբրեւ . նուազագոյնը մեր պահանջներուն յայտնելով թէ իր՝ մեր քննութեան յանձնած այս , երկու ձեւի առաջարկները մեր բաղձանքները չեն գոհացներ : Դեսպանի երկու ձեւի առաջարկութիւնը քննելու եւ ըստ այնմ սրբագրութիւններ մտցնելու պարտականութիւնը յանձնուեցաւ չորս անդամակիցներու : ––––– գոհացուցիչ ըլլալ թէեւ ան կը տրամադրէր թէ խնդրոյ առարկայ տարակարծութիւնները , Բ Դուռը կը վճռէ դեսպանատուներու հետ համաձայնաբար. : Այս անգործնական ծրագիրներուն մասին Փեթերսպուրկէն իրաւամբ դիտել կը տրուէր թէ վերատեսուչ խորհրդական վէճերը կրնային պատահիլ շատ յաճախ եւ դեսպանատուներու- միջեւ համերաշխութեան հաստատումը դիւրին չըլլալով Բ Դուռը ի չիք կրնար դարձնել , . նշանակութիւնը այլապէս բարենորոգման երաշխիք ըլլալու սահմանուած որևէ պաշտօ -նական յանձնառութեան անդ (, 71–73): Բոլոր խնդրոյ առարկայ տարբերակներուն մէջ անաղարտ կը մնային ընտրեալ ժողովներու մէջ իսլամներու եւ քրիստոնեաներու հաւասա -րութեան եւ պաշտօններու բաշխման կապակցութեամբ հաւասարութեան պահապանման կէտերը Այս ուղղութեամբ բանակցութիւնները շարունակուելով պիտի յանգեցնէին: մշակմանը 16 կէտերէ բաղկացեալ յուշագրի մը զոր տը Կիրս Սազոնովին պիտի ղրկէր , 2/15 Նոյեմբերին անդ (, 75–77): Ապահովութեան Խորհուրդի պատուիրակներու հանդի -պումներուն յատկացուած արձանագրութիւններու՝ առաջին էջը բացակայող տետրին առաջին արձանագրութիւնը որոշապէս ամփոփումն է տը Կիրսի հետ հին տոմարով Հոկտեմբեր 23- էն ետք եւ 31- էն առաջ տեղի ունեցած հանդիպման ուր դեսպանը պատրի , -արքարանի պատուիրակներուն յանձնած է երկու ձեւի նոր առաջարկները եւ ջրած է « » ռուսական դիտաւորութիւններու նկատմամբ հայոց մօտ ծագած կասկածները ընդգծելով , թէ հայկական հարցը ռուսական արտաքին քաղաքականութեան մաս կը կազմէ եւ վստահեցնելով թէ բարենորոգումներու խնդիրը թէեւ դանդաղ եւ դժուարութիւններու , բաղխելով որոշ յաջողութիւններ արձանագրած է Հանդիպման ընթացքին ան կ՚ըսէ, : . «Դուք մեծ յաջողութիւն մը կը համարէք Խալիլ բէյի հաւանութիւնը եւրոպացի inspecteur-ներու մասին պայմանով որ պետութիւնները զայն պաշտօնապէս յանձնարարելու , իրաւունք չունենան Այդ առաջարկութիւնը ասկէ : 15 օր առաջ Խալիլ բէյը ինձի ըրած էր : Բայց ես մերժեցի որովհետեւ այդ ձեւի մէջ առնուելիք , inspect. gén. ... երկրորդական պետութեան մը պիտի պատկանի այդպիսով թիւրք կառավարութիւնը ուզած վայրկեանին , պիտի կրնայ ճամբու դնել ...»: Արձանագրութեան աւարտին նշուած է Մեր տպաւորու . « -թիւնը այն է որ դեսպանը շատ գեղեցիկ կերպով ուսումնասիրած է հայկ դատը եւ միակ , . ձեռնհասը պաշտպանելու զայն Մեր տպաւորութիւնը մխիթարական էր չծածկեցինք : , դեսպանէն մեր կազդուրումը իր յայտարարութեանց համար եւ շնորհակալ եղանք ՊՏԴ » (, տուփ 3, թղթապանակ 2, արձանագրութիւններու տետր Ճ , 2–10):80 Բնագրին մէջ՝ ձեռնարկեց:ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 77

