Page 79 - Demo
P. 79
թէեւ ընդունած էր սակայն իր կողմէ եւս պիտի սրբագրէր եւ այնպէս յանձնէր առանց , նախօրօք մեր համաձայնութիւնը ստանալու անոր վերջնական ձեւի մասին 84: Կարդացուեցաւ նաեւ Նուպար Բաշայի զեկուցումը Նոյ ( 12) . Պ Քօքօվցէվի հետ իր ունեցած տեսակցութեան մասին 85: 84 Անտեղի պիտի չըլլայ նշել թէ նոյն շրջանին ռուս դեսպանը ռուսեւթրքական տնտեսական խնդիրներով զբաղած ըլլալով հայոց մօտ առաջացած էին կասկածներ ռուսերու դիտաւո , -րութեան իսկութեան շուրջ Այդ առումով յատկանշական է Ճէվահիրճեանի ստորագրու : -թեամբ Նուպարի ուղղուած 3/16 Նոյեմբեր թուակիրը ուր Մանտելշթամէն իմանալէ ետք , , թէ տը Կիրս բանակցութիւններով զբաղած ըլլալով չի կրնար միեւնոյն ժամանակ հայկ , « . պահանջումները յառաջ քշել հետեւեալ ձեւով կը ներկայացուէր հայոց տագնապը », . «... Կը տրամադրուինք մտածելու որ Թիւրքիան այս անգամ եւս ճարպիկ գտնուելով իր հին , , եղանակը ձեռք առած է կաշառել պետութիւնները մոռցնել տալու համար իրեն հաճելի - չեղող պահանջումները Նա եթէ կրցաւ չէզոքացնել Անգղիան չէզոքացնելու վրայ է : , , Ֆրանսան ինչո՞ւ չպիտի կարենայ նոյն ձեւով չէզոքացնել նաեւ Ռուսիան Տնտեսական, : ընթացիկ բանակցութիւնները լրագիրներէ կը տեղեկանանք որ , 4% մաքսատուրքի յաւելման եւ երկաթուղային հարցերու շուրջ է եթէ Ռուսիան տրամադիր է . 4% յաւելման համաձայնիլ ի՞նչ փոխարինութիւն խոստացուած է անոր արդեօք Բ Դուռը չէ՞, , . առաջարկած նաեւ հրաժարիլ հայկ խնդրէն ատոր համար փոխարինութիւն մը եւս . , խոստանալով չէ՞ որ անցեալի մէջ ալ մեր դժբաղդ խնդիրը նոյն խրտուիլակի դերն է. , , կատարեր այս կամ այն պետութեան համար Այս դառն խոհեր եւ ենթադրութիւնները կը : բղխին նոյն անյայտութիւնէն որուն մէջ կը գտնուինք ներկայիս եւ այն խիստ խորհրդաւոր , եւ վերապահ շարժումներէն որ կը նկատենք մեզի հանդէպ ռուս դեսպանատան մէջ թէեւ , , գերմաններն ալ նոյն դիրքին մէջ են ...» (ՊՏԴ տուփ, 3, թղթապանակ 2, նամակատետր Ճ , 45–46):85 Ռուսաստանի վարչապետը՝ Քոքովցէվ (Vladimir Kokovtsov կամ Kokovtsev), ֆրանսական Le Temps թերթին շնորհուած հարցազրոյցով մը մտահոգութիւն պատճառած էր Նուպարի եւ այլոց Առ այդ Տօքթ Գօճապըյըգեան ստորագրութիւնը կրող եւ : , . 19 Նոյեմբեր 1913 թուակիր վաւերագրի մը մէջ որ խորագրուած է Հայկական Գաւառներու Բարենորոգում , « -ները Շահեկան Տեսակցութիւն Մը Պօղոս Նուպար Փաշա յ ի Հետ. [ ] », կը կարդանք թէ Նուպարի հարցման պատասխանելով Քոքովցէվ ըսած է Իմ յայտարարութիւններս սխալ , . « մեկնուած էին եւ այնպէս կը հասկցուէր որ Հայաստան մտցուելիք բարենորոգումները իբր թէ ստիպողական բնոյթ ունեցած չըլլային մինչդեռ ես պարզապէս թուրք եւ հելլէն . ձգտումին ակնարկել ուզած էի եւ առաջնութիւնը անոր տուած ինչ որ խաղաղութեամբ , կարգադրուեցաւ: «Գալով հայկական գաւառներու բարեկարգումներուն իմ պատկանած կառավարութիւնս , այդ խնդրոյն մէջ նախաքայլը առաւ ինչ որ անվիճելի ապացոյց մ՚է թէ անոր անհրաժեշ , -տութեանը կատարելապէս համոզում գոյացուցած է եւ ամէն ժամանակէ աւելի հիմա է որ յարմար առիթը համարած է տարիներէ ի վեր ձգուած այսքան կարեւոր խնդրոյ մը կար -գադրութեանը համար որուն ամբողջովին համամիտ են նաեւ միւս բոլոր մեծ տէրու , -թիւնները: ... «Այդ բարենորոգումները ստիպողական են թէ՛ Ասիական Թուրքիոյ հողային ամբողջու -թեանը պահպանման համար որուն ջերմապէս փափաքելու բազմաթիւ պատճառներ ունի , Ռուսիա թէ Եւրոպայի խաղաղութեանը տեւականութեան համար եւ թէ հայ ժողովուրդին, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 79

