Page 102 - Demo
P. 102
կը վերադառնայ Աղեքսանդրիա : Կիլիկիա զէնք հանելու այս փորձը ձախողեցաւ գլխաւորաբար հետեւեալ պատ -ճառներով. Ա Եգիպտոսի Ազգ Պաշտպանութեան կոմիտէն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ.- . Ատանայի Առաջնորդին տեղեկութիւն հաղորդած էր անոնց աջակցութեան դիմած ըլլալով անոնք հակառակեցան ձեռնարկին եւ Տէօրթ Եոլի աղաներուն վրայ ազդե, -ցութիւն բանեցնելով խոչընդոտ հանդիսացան զէնքերու ցամաքահանումին : Բ Պօղոս Նուպար փաշա որուն նմանապէս տեղեկութիւն հաղորդուած էր ինքն.- , , ալ հակառակեցաւ պետութեանց մօտ իր դիմումներուն ոգիին եւ ուղղութեան իբրեւ հակասող ձեռնարկ մը եւ իր հակառակելովը վնասեց ձեռնարկին համար բացուած հանգանակութեան մը արդիւնաւորութեանը : Գ Կ Պոլսոյ Ազգ Պատրիարքարանը նոյնպէս հակառակելով ձեռնարկին զայն.- . . , խափանելու պաշտօնով Կիլիկիա ղրկեց Գրիգորիս վարդապետ Պալագեանը : Դ Դաշնակցութիւնը Կովկասի մէջ յանուն յեղափոխութեան կատարուած հան.- -գանակութեան ամբողջական գումարը իւրացուց առանց Կիլիկեան ձեռնարկին համե -մատական բաժին հանելու : Ե Ազգը տակաւին բոլորովին հիասթափուած չէր իթթիհատականներու խաբե.- -պատիր ու նենգամիտ քաղաքականութենէն եւ տակաւին կը մնար օսմանեան սահմա -նադրութեան հրապոյրէն յափշտակուած : Զ Պալքանեան պատերազմը շուտ վերջացաւ որով յունական կառավարութիւնը.- , ստիպուեցաւ մասնաւոր սեղմումներ դնել զէնքերու Թուրքիա փոխադրութեան կեր -պին մէջ եւ այս պարագան պատճառ եղաւ որ զէնքերը ի վերջոյ վերադարձուին յունա -կան կառավարութեան : Տեփոյեան, Տամատեան, 129–137 * * * Ապստամբութեան ծրագիրն ըստ Մուշեղ Սերոբեանի Սերոբեան ինքնապաշտպանութեան փորձին եւ իր մասնակցութեան մասին արտայայտուած է երկու հրատարակեալ աշխատութիւններու ինչպէս նաեւ հազարէ , աւելի ձեռագիր էջեր լեցնող անտիպ Ինքնակենսագրութեան մէջ Վերջինը կը նպաստէ : նիւթին եւ Սերոբեանի դերին շուրջ մեր գիտելիքներուն ընդարձակման Կը խորհինք : թէ տեղին պիտի ըլլայ հերթաբար ընդգրկումը անոր երկու հրատարակեալ գործերուն մէջ ապստամբութեան ծրագրին յատկացուած տեղեկութիւններուն կրճատելով , , սակայն Դիտումներ, «...»ուն մէջ յիշատակուած նամակները որոնք ամբողջութեամբ , կամ աւելի ընդարձակ ձեւով կը տրուին Ինքնակենսագրութեան մէջ : *102 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)

