Page 98 - Demo
P. 98
էր որ այդպիսի ձեռնարկ մը անխուսափելի օրէն պիտի յանգէր Կիլիկիոյ հայութեան, [] ընդհանուր կոտորածին : Պօղոս Նուպար փաշա ինքն ալ Փարիզէն գրած էր Եգիպտոսի ականաւոր ազգա -յիններուն որ ամէն ջանք ընեն խափանելու ծրագրուած ձեռնարկը Հակառակ այս, : ընդդիմութեանց որոնք մասնաւորապէս վնասեցին ձեռնարկին համար բացուած, հանգանակութեան արդիւնաւորութեան կոմիտէն հաստատ կեցաւ իր ծրագրին վրայ , , Գասպար Իփէկեան կոմիտէին կարգադրութեամբը մեկնեցաւ Աղեքսանդրիայէն Կով -կաս դրամական հանգանակութիւն կատարելու Մուշեղ Սերոբեան նոյն նպատակով, : Կովկաս երթալու ճամբուն վրայ նախ հանդիպեցաւ Աթէնք տեսնուեցաւ յոյն կառա , -վարութեան բարձրաստիճան պետերուն հետ եւ անոնց խոստումներէն խանդա -վառուած անցաւ Կ Պոլիս . 77: Հոն տեսնուեցաւ դաշնակցական գլխաւոր գործիչներէն Ս Զաւարեանի հետ որ ինքն ալ ձեռնարկի մասին աննպաստ արտայայտուեցաւ. , , ըսելով որ Դաշնակցութիւնը տակաւին իր յոյսը կտրած չէ թուրքերէն որոնք իրենց , ըրած են մեծ մեծ խոստումներ 78: Թիֆլիսի մէջ թէ՛ Գասպար Իփեկեանին թէ՛ Մուշեղ , Սերոբեանի ջանքերը կիլիկեան ձեռնարկի ի նպաստ հանգանակութեան մը համար կը մատնուին անյաջողութեան դաշնակցականներու երեսէն Հոն կատարուած հանգա : -նակութեանց գումարները կ՚երթան պարարտացնել Դաշնակցութեան գանձը : Մուշեղ Սերոբեան Կովկասէն վերադարձին փոխանակ Եգիպտոս գալու եւ անկէ Կիլիկիա անցնելու ինչպէս նախապէս խոստացած էր ամէն կողմէ յարուցուած , , հակառակութիւններէն ու դժուարութիւններէն յուսալքուած Պոլսէն կ՚անցնի ուղղակի Փարիզ եւ կը վերադառնայ Ամերիկա : Այս միջոցին Եգիպտոսի դաշնակցականներն այ կը բաժնուին Ազգ Պաշտպա . -77 Բարսեղ Օհանեանի հետ Աթէնք ուղղուած Սերոբեանի պատումը չի թողուր Աթէնքէն «խոստումներով խանդավառուածի մը մեկնումի տպաւորութիւնը Իր Ինքնակենսա » : -գրութեան մէջ ան կը գրէ Յոյն Պատերազմական Խորհուրդը երբ գնահատելով հանդերձ . « իմ ներկայացուցած ծրագրիս առաւելութիւնները յայտարարեց թէ դժբախտաբար , բաւականաչափ տրամադրելի զօրք չունին նոր ճակատ մը կարենալ ստեղծելու համար Կիլիկիոյ մէջ հրաժեշտ կուտամ Բ Օհանեանի նաւ կը մտնեմ եւ կը շարունակեմ ճամ , . , -բաս Սերոբեանի Մեր Պայքարը»: « ...» հատորը աւելի յստակ է այս հարցին մասին Յոյն . « պատերազմական նխարարութիւնը կը մերժէ առաջարկս ... եւ ես ձեռնունայն կը շարու -նակեմ ճամբաս »:78 Այստեղ եւս պէտք է նշել թէ Սերոբեանի պատումը կ՚առաջնորդէ տարբեր մտածումի երբ , կը գրէ . «... Զաւարեան իմ պարզած տեսութիւններուս բացարձակ համամտութիւն յայտ -նելէ վերջ ... կ՚ըսէ ինծի Մուշեղ մենք սխալեր ենք թուրքահայ կացութիւնը վտանգուած . «, . է Իթթիհատականներ աւելի վատ տրամադրուած են մեր ժողովուրդին հանդէպ քան: սուլթան Համիտ : ... Պէտք է փրկել ժողովուրդը Պէտք է զանի պատրաստել ինքնապաշտ : -պանութեան: ... մեր կարեւոր անդամները Թիֆլիս կը գտնուին ... տեսնուեցէք իրենց հետ ... իրենց հաղորդեցէք ... իմ համամտութիւնս համագործակցութեան մասին ...»: Այլ հարց թէ իր Ինքնակենսագրութեան մէջ Սերոբեան Վռամեանի ընթացքը կը նկատէ ապացոյց, մը այն մասին թէ Դաշնակցութիւնը կառչած իր բարեկամական յարաբերութեան , « Իթթիհատի հետ չէր ուզեր մօտենալ կուսակցական համագործակցութեան գաղափարին , , հետեւաբար եւ ազգային ինքնապաշտպանութեան ...»: 98 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)

