Page 88 - Demo
P. 88
զգուշութիւնն ընել յօգուտ երկրին եւ խաղաղ ժողովուրդին : ... 63 21 Մարտին Լեւոն Մկրտիչեան Աղեքսանդրիայէն կը գրէ Նուպարի . ... Ձեր վսեմութիւնը կրնայ բացարձակապէս վստահ ըլլալ իմ տեղեկու -թիւններուս ճշդութեան մասին որովհետեւ զանոնք կը քաղեմ ուղղակի , աղբիւրէն Շարժման պետերը գիտնալով հանդերձ թէ իրենց գործունէութեան: , եղանակին համամիտ չեմ ոչինչ կը ծածկեն ինձմէ , ... ... Հաճեցէք չմոռնալ որ պատրաստուելու վրայ եղող շարժումը երկու մասի կը բաժնուի մէկը Զէյթունի մէջ եւ միւսը Կիլիկիոյ հարաւային մասին մէջ Այս . , : կէտը շատ կարեւոր է որովհետեւ եթէ Կիլիկիոյ հարաւային մասին մէջ եղած . , շարժումը որուն կեդրոնը կը գտնուի Տէօրթ Եօլ Պալքանեան պետութեանց, , կողմէ դրդուած է Զէյթունինը ընդհակառակը զուտ տեղական հանգամանք , , , մը ունի եւ ոչ մէկուն ոչ իսկ մեր տաքգլուխ բարեկամներուն կողմէ դրդուած , , է Կրնամ այս մասին Ձեզ վստահեցնել ամենահաստատ եւ ամենաբացարձակ: կերպով: Պալքանեան պատերազմէն շատ առաջ , 1912 Սեպտեմբերի սկիզբը Զէյ , -թունի իշխան ներէն մէկը Եգիպտոս եկաւ Զէյթունցիներու ապստամբու «» , -թեան մը ի նպաստ դրամ հաւաքելու համար Զէյթուն բաժնուած է չորս : թաղերու որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր Աղա ն որ իշխան կը կոչուի, «» «» : Եգիպտոս եկողը օր մը վերջին Սեպտեմբեր , 15 ին կամ 16 , ին եկաւ զիս տես -նելու Ինծի ցոյց տուաւ տեղւոյն հասարակութեան կողմէ գրուած վկայագրեր: որոնք կը հաստատէին իր ինքնութիւնը եւ ինծի կը յանձնարարէին իր աստի -ճանին վայել պատիւներ ընծայել իրեն Այս անձը բացէ ի բաց յայտարարեց թէ : իր հայրենակիցները պիտի ապստամբին կառավարութեան դէմ նախ անոր , համար որ այս վերջինը չէ յարգած 1895 ի ապստամբներուն անձնատուութեան բրօթօքօլը [= համաձայնութիւնը որ ստորագրուած է տէրութեանց ներկայա] -ցուցիչներուն եւ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ 64, եւ երկրորդ՝ այն պատճառաւ որ Զէյթունի շրջակայ գիւղերը միշտ հարստահարուած են եւ թէ , Զէյթունցիներու պարտականութիւնն է զանոնք փրկել իրենց տխուր վիճակէն : Շատ քաղաքավարութեամբ ընդունեցայ իշխան ը բայց իրեն հասկցուցի «» , թէ քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր Աւելի ետքը իմացայ թէ դիմում ըրեր է : բազմաթիւ երեւելիներու բայց ոչ ոք իրեն դրամական օգնութիւն ըրեր է , ...: Հար կը դատեմ քանի մը մանրամասնութիւններ տալ Ձեր Վսեմութեան՝ Զէյթունցիներու նկարագրին նկատմամբ Այս մարդիկը հայրենասէրներ չեն .- բառին փիլիսոփայական իմաստով պարբերաբար ապստամբութիւնները զորս . 63 ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ, :64 Օսմանեան նոր սահմանադրութեան հռչակումին հետ իշխանութիւնները դադարեալ յայտարարած էին Զէյթունի կարգավիճակին վերաբերեալ 1895- ին կիրարկութեան մէջ դրուած առանձնաշնորհեալի տրամադրութիւնները : 88 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)

