Page 84 - Demo
P. 84
մերձաւորութիւնը Խառն Ժողովը պաշտօն տուաւ վարչութեան անդամ Գեր Տ, . . Պալագեան վարդապետի որ այսօր կը մեկնի Ատանա Սսոյ Վեհ Կաթողիկոսին հետ , . համախորհուրդ ձեռք առնելու այն բոլոր նպատակայարմար միջոցները որով հնար է , վտանգին առջեւն առնել ...» : 54 Նուպար նոյն օրը՝ 12 Մարտին կը գրէ Սահակ Բ ի, . . ... Ձեր Շնորհազարդ Սրբազնութեան նման կը տեսնեմ կացութեան բոլոր վտանգները եւ այն ամբողջ չարիքը զոր կարգ մը ցնորամիտներու կողմէ ստեղծուած խռովութիւններ կրնան պատճառել Հայկական դատին : ... Պատուիրակութիւնը իսկոյն միջամտեց հակազդելու համար ...: ... Ձեր Շնորհազարդ Սրբազնութեան նամակը կու գայ հաստատել այս երկիւղները եւ այսօր իսկ ստացանք մտերմական նամակ մը որ մեզի, մատնանիշ կ՚ընէ ուղղակի կերպով կատարուած գրգռութիւն մը Պալքանեան դաշնակիցներու կողմէ որոնք ապստամբութեան դրդումներով չգոհանալով , , , նոյն իսկ իրենց նիւթական աջակցութիւնը ընծայեր են այդ ապստամբութեան : ... կը կարծենք թէ ամէն բանէ առաջ պէտք է մանաւանդ Զէյթունի իշխան -ները լուսաբանել Պալքանեան Պետութեանց նենգամիտ ընթացքին նկատ -մամբ որպէս զի իրենց ջանքերը մերիններուն միացնեն բռնութեան ամէն, , պոռթկում արգիլելու համար : Կը խնդրենք ուրեմն Ձեր Շնորհազարդ Սրբազնութենէն որ իր մօտ հրաւիրէ զանոնք ...: Նամակին մէջ կը թուարկուին պատճառաբանութիւններ նա՛խ որպէս ճնշում .- , բռնական միջոցներու կիրարկումը տուեալ պահուն յաջողութեան յոյս չի ներշնչեր , քանի որ պետութիւններ զբաղած են պալքանեան պատերազմով խռովութիւնը չի , կրնար ստանալ բաւարար ծաւալ եւ յաջողելու համար պէտք եղած ուժը ապա՝ եթէ . նոյնիսկ զէյթունցիք յաջողին իրենց ծրագրին մէջ կարելի պիտի չըլլայ այդքան փոքր , « հողամաս մը անկախ հռչակել »: Կ՚աւելցնէ. «... Ինչ որ իրապէս պէտք է հետապնդել Կիլիկիոյ համար բարենորոգումներու լայն ծրագիր մըն է որ պէտք է ձեռք բերուի , , դիւանագիտական բանակցութիւններով Ճիշդ այդ է որ կ՚ընէ Պատուիրակութիւնը : ...»: Յետ գրութեան մը յաւելումով ալ Նուպար Սահակ Բ ի կը վերադարձնէ յիշա . -տակագրին նախագիծը նշելով , . «Պատուիրակութիւնը նկատի առնելով Թուրքիոյ, արդի կառավարութեան հակառակութիւնը ամէն կարգի բարենորոգմանց դէմ չի , կարծեր որ Մեծ Եպարգոսին տրուելիք Ուղերձ մը կարենայ լաւ տպաւորութիւն ընել - . բայց ո՛ եւ է առարկութիւն չունի եթէ Ձեր Շնորհազարդ Սրբազնութիւնը օգտակար , դատէ զայն ղրկել ...»: Կը թելադրուի նման պարագայի մը անկէ ջնջել պատուիրակու -թեան կողմէ նշուած պարբերութիւններ 55: 54 ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ, :55 ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ հայացեալ՝ ֆրանսերէնէ Անտոնեան ծանօթագրութեամբ մը կը նշէ թէ, , : 84 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)

