Page 78 - Demo
P. 78
խընթաց եւ հիմ նկատի ունենալով նաեւ հաշուի առնելով Կիլիկիոյ ժողովրդագրական ,- տուեալները կը յուսային պատերազմի աւարտին մեծ պետութիւններու մասնակցու,- -թեամբ ձեռնարկուելիք հաշտութեան բանակցութիւններու ընթացքին ուժ տուած ըլլալ Կիլիկիոյ հայութեան իրաւունքներու արծարծման պիտի մնային յուսախաբ , : ––––– Ապստամբութիւնը վիժեցնող քայլեր՝ յարակից մանրամասնութիւններով Այս բաժնին շարադրանքը յարմար դատեցինք կատարել վաւերագրերու լեզուով եւ անոնց ժամանակագրական դասաւորումով այդպիսով ուրուագրելու համար իր , ժամանակին տիրած ընդհանուր մթնոլորտն ու գործող անձերու վերաբերումները : 7 Փետրուար 1913- ին Նուպար կը դիմէ Գահիրէի Քաղաքական Ժողովին . ... Ազգային Պատուիրակութիւնս իմացած ըլլալով զանազաններէ թէ , վերջերս Եգիպտոսի մէջ մասնաւոր կոմիտէ մը կազմուած է դրամ հաւաքելու եւ հաւանական ինքնապաշտպանութեան համար Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մեր հայրենակիցներուն բաշխելու նպատակաւ կը կարծէ սակայն որ մանաւանդ , , ներկայ քրիթիքական հանգամանքներուն մէջ այսպիսի գործունէութիւններ , ազգին շահերուն հակառակ են Արդարեւ այսպիսի շարժում մը անվրիպելիօրէն : մէջտեղ ըլլալով պիտի կրնար թշնամի տարրերու մոլեռանդական պոռթկումը , գրգռել եւ այսպիսով շատ ծանրակշիռ կնճռոտութեանց պատճառ դառնալ որ , բնականաբար մեր դատը պիտի վտանգեն եւ պատգամաւորութեան [= Ազգա -յին Պատուիրակութեան պաշտօնը պիտի դարձնեն դժուար չըսելու համար՝ ] , անհնար: Մեր յոյսը կը դնենք ուրեմն Ձեր ազգասիրական զգացումներուն եւ մեր եգիպտահայ հայրենակիցներուն համերաշխութեան ոգիին վրայ համոզելու , համար տեղական կոմիտէի անդամները որ ընդունին պատգամաւորութեանս , հայեացքները Կը խնդրենք որ հասկցնէք անոնց այն վտանգը որուն պիտի: , , ենթարկուի հայ ժողովուրդը եթէ անխոհեմ գործերով նոյնիսկ լաւագոյն , , դիտաւորութեամբ դիւրին պատրուակներ հայթայթուին՝ անոր վրայ յարձա, -կելու համար ... : 45 45 Գոհար Աւագեան կազմող (), Եգիպտահայ Համայնքը Հայկական հարցի Հոլովոյթում , հատոր Ա հրտ Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Գահիրէ., . , , 2024, 155: Հանդիպած ենք նաեւ նոյնին ֆրանսերէն բնագրէն հայացուած տարբերակին ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ որուն մէջ անվրիպե (, ), « -լիօրէն մէջտեղ ըլլալով արտայայտութիւնն աւելի մեկին կերպով բանաձեւուած է որպէս » «անպատճառ երեւան ելլելով »:78 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)

