Page 75 - Demo
P. 75
գութիւնը կը կազմեն Թուրքիոյ ինքնավար Հայկական նահանգ՝, «Հայակիլիկիա [Armenocilicia]» անունով: Յօդ. 2.- Հայակիլիկիան պիտի գտնուի Ն Վ Սուլթանին անուանական գերիշ . . -խանութեան ներքեւ եւ տէրութիւններուն պաշտպանութեան տակ : Յօդ. 3.- Եւրոպացի ընդհանուր Կառավարիչ մը պիտի նշանակուի Սուլթանին եւ տէրութիւններուն փոխադարձ համաձայնութեամբ վեց տարի ժամկէտով եւ պիտի ըլլայ վերընտրելի : Յօդ. 4- Հայակիլիկիան պիտի ունենայ սահմանադրական կառավարութիւն : Յօդ. 5.- Ընդհանուր Ժողովը պիտի ունենայ օրէնսդրական իշխանութիւն : Սկզբունքօրէն որդեգրուած է համընդհանուր ընտրական իրաւունքը ...: Յօդ. 6.- Երկրին պաշտօնական լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը ... Յօդ. 8.- Հանրային կրթութիւնը պիտի ըլլայ պարտադիր ինչպէս նաեւ՝ , հայերէնի ուսուցումը : Յօդ. 10.- Կրօնքներ եւ պաշտամունք պիտի վայելեն բացարձակ ազատութիւն ...: Յօդ. 11.- . . Ն Վ Սուլթանին կողմէ նշանակուած Օսմանցի Բարձր Յանձնակա -տար մը պիտի բնակի երկրին մէջ եւ կատարէ միջնորդի պաշտօն ընդմէջ Օսմանեան Կառավարութեան եւ Հայակիլիկիա նահանգի Ինքնավար Վարչութեան Բացի այդ Սուլթանին կողմէ պիտի նշա : , -նակուի Մեծ Միւֆթի մը՝ առաքելութիւն ունենալով պաշտպանութիւնը իսլամներու զուտ կրօնական շահերուն եւ գործադրութիւնը Շերիի [= իսլամական Օրէնքին] ...: Այլ յօդուածներ կը տրամադրէին՝ գիւղական համայնքներու վերաբաշխումն ըստ ազգագրական պայմաններու կազմութիւնը երկրին բոլոր բնակիչներէն հաւաքա . -գրուած ազգային միլիսի ոստիկան զօրքերու առժամաբար հաւաքագրումը միայն . քրիստոնեաներէ բնակչութեան զինաթափումը բացի Զէյթունի Հաճնոյ Սուետիոյ եւ. , , Քեսապի լեռնային շրջաններու քրիստոնեայ բնակիչներէն եւ զուտ հայկական գիւղերէ , ինչպէս՝ Տէօրթ Եոլը Հասան Պէյլին Ֆնտճագը եւայլն Հայակլիկիոյ օժտումը դրօշով -, -, . մը մեծ տէրութիւններու երաշխաւորութեամբ վարչակարգին պահպանումը եւայլն. , : * * * Սերոբեան իր պատումը շարունակելով կ ըսէ թէ մեկնումի իր համակերպումին ' բուն դրդապատճառը Կոմիտէին կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրին յանուն Կիլիկիոյ « ամբողջ ժողովուրդին ըլլալն էր եւ թէ Կիլիկիա մեկնումի ճամբուն վրայ հարցարան » -նամակներ ղրկած է հոն՝ կուրօրէն նետուած չըլլալու համար արկածախնդրութեան մը մէջ որ չյաջողելու պարագային կրնար աղիտաբեր ըլլալ Ապա ուղղակի կ աւելցնէ, : '. «Իրիկուան դէմ կը հասնիմ Աղեքսանդրիա եւ գիշերն իսկ փողոցին մէջ եղած խօսակցու , , -թիւններէն կը տեսնեմ թէ Կիլիկեան ապստամբութեան ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԳԱՂՏՆԻ ծրագիրը , , շուկայի հասարակ ապրանք մը եղած է » : 3434 Սերոբեան, Դիտումներ, 77:ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)| 75

