Page 76 - Demo
P. 76
Ծրագրին հանդէպ անզգաստ վերաբերումը խտացնող ակնարկութիւն մըն ալ կու գայ ՀՍՌԿ ի հիմնադիրներէն եւ թրքական թերթերու խմբագիր Տիրան Քէլէկեանէ որ - , հայկական կացութիւնը դիտելով գերմանական ֆրանսական ռուսական իտալական , , , եւ թրքական շահերու բախման յորձանապտոյտին մէջ եւ յստակօրէն կանխատեսելով ազդեցութեան գօտիներու քաղաքականութիւնը որ իր պաշտօնական բանաձեւումը ,- պիտի գտնէր աւելի ուշ Սայքս Փիքոյի Համաձայնութիւն անուան ներքեւ նա՛խ հարց - ,- կու տայ . «Իրաց այս վիճակին մէջ քանի՞ բարա կ ընէ ' ... ոեւէ Հայկական Պաշտպանու « -թեան Մարմնի մը գործունէութիւնը » » եւ ապա կ աւելցնէ '. «Տէօրթ Եօլ ղրկուած նաւուն- եւն պատմութիւնը ես հոս առաջին անգամ լսեցի Գրիգոր Զօհրապէն որ այդ տեղեկու. [] , -թիւնը ստացած էր մինչեւ իր ամենափոքր մանրամասնութիւնները՝ ուղղակի թուրքերէ , »: Թուական՝ Մայիս 4 1913 : 35Սերոբեանի յաջորդական պարբերութիւնները կու տան մանրամասնութիւնները իր դերակատարութեան եւ իր ստացած նամակներուն յստակացնելու համար թէ , «կատարուելիքը պիտի ըլլար արուեստական յեղափոխութիւն », մը որովհետեւ պարարտ հող չկար յեղափոխութեան եւ ապստամբութեան համար եւ թէ Կիլիկիոյ հայութիւնն , ընդհանրապէս չունէր ապստամբական շարժումի մը լծուելու տրամադրութիւն 36: Հակառակ պարզուած կացութեան Սերոբեան յանձն կ առնէ հանդիպիլ Թիֆլիս եւ , ' Պոլիս դրամական նպաստ ապահովելու հետ մէկտեղ, «համագործակցութիւն մը ստեղ -ծելու Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանութեան խնդրոյն շուրջ հայ կուսակցութիւններու միջեւ, , » : 37Կը հետեւի թէ Ազգային Պաշտպանութեան Կոմիտէն տակաւին պաշտօնապէս չէր բարձրացած բոլոր կուսակցութիւններու հովանաւորութիւնը համախոհաբար վայելե -լու աստիճանին կամ առնուազն դաշնակցականները վերապահ կը մնային այդ մարմ , -նին նկատմամբ 38: Պոլսոյ թէ Թիֆլիսի մէջ Սերոբեանի ունեցած հանդիպումներու տեղեկագրութիւնը կը նշէ միայն դաշնակցական ղեկավարներու անուններ՝ Դաշնակցութեան համագոր -ծակցութիւնը ապահովելու ակնյայտ ճիգով մը որ երեւութապէս կը պսակուի ձախո , -ղութեամբ հակառակ անոր որ Աւետիս Ահարոնեան եւ Սիմոն Զաւարեան Սերոբեանի, ներշնչած էին դրական ակնկալիք Կը թուի թէ Դաշնակցութիւնը նախընտրած էր իր : ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան նահանգներուն եւ Կովկասի հայոց վրայ Տուեալ շրջանին Կիլիկիոյ մէջ ան չունէր ակնառու ներկայութիւն : կամ ազդեցութիւն 39: Ծրագրին դէմ էր նաեւ Ազգային Պատուիրակութեան նախագահի հանգամանքով գործող Պօղոս Նուպար որ կը խորհէր թէ նման շարժում մը պիտի վնասէր հայկական , նահանգներու բարենորոգման նպատակով իր կատարած բանակցութիւններուն եւ 35 Մալէզեան, 48–50:36 Սերոբեան, Դիտումներ, 80:37 Նոյն, 81:38 Տեփոյեան, Տամատեան, 132: 39 Տեսնել Վարանդեանի Հ Յ Դաշնակցութիւնը Եւ Կիլիկիա խորագրեալ բաժինը իր « . . » երկհատոր պատմագրական գործին մէջ Վարանդեան Միքայէլ ( , Հ Յ Դաշնակցութեան. . Պատմութիւն, Երեւանի Համալսարանի Հրատ Երեւան ., , 1992, 458-68): 76 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)

