Page 77 - Demo
P. 77
արդէն «Փարիզէն գրած էր Եգիպտոսի ականաւոր ազգայիններուն որ ամէն ջանք ընեն , խափանելու համար ծրագրուած ձեռնարկը » : 40Նուպար մինչեւ իսկ պիտի սպառնար հրաժարիլ իր պաշտօնէն եթէ Սերոբեան դադրեցնել չտար շարժումը , 41: * * * Տամատեան Կիլիկիա զէնքի ցամաքահանման փորձին ձախողման համար կը թուէ վեց պատճառ 42: Կարելի է զանոնք որոնցմէ կը բացակային Սիմոնեանի կողմէ մատ ,- -նանշուած նուազումը Կիլիկիոյ հայութեան թիւին՝ 1909- ի ապրիլեան կոտորածներուն հետեւանքով43, եւ այլ աղբիւրներուն մէջ յիշատակուած անգաղտնապահութիւնը,- նկատել նաեւ ընդհանրապէս ինքնապաշտպանական փորձին ձախողման պատճառ , քանի որ առանց նիւթական միջոցներու եւ զէնքի՝ տրամաբանական պիտի չըլլար ակնկալել յաջող ապստամբութիւն կամ ինքնապաշտպանութիւն : Հակիրճ՝ այդ պատճառներն էին Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ու առաջնորդին ապա , նաեւ Հայ Ազգային Պատուիրակութեան եւ Պոլսոյ պատրիարքարանին ընդդիմու -թիւնը ձեռնարկին Դաշնակցութեան անտարբերութիւնը հանդէպ ձեռնարկին հայոց , , տակաւին բոլորովին հիասթափած չըլլալը իթթիհատականներէն եւ վերջապէս՝ Պալ , -քանեան Պատերազմին արագ աւարտին հետեւանքով յունական կառավարութեան կեցուածքին փոփոխութիւնը : Ալպօյաճեան Սահակ Բ ի կեցուածքը դիտած է իբրեւ հետեւանք Ազգային . Պատուիրակութեան միջամտութեան գրելով , . «Ձեռնարկը կը վիժի Բարիզէն Հայկ ա [ -կան պատգամաւորութեան] [= Ազգային Պատուիրակութեան ] կողմէ Կիլիկիոյ Սահակ Կաթողիկոսին հասած հրահանգներուն պատճառով », որոնց հետեւանքով անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանք չէր տարուած Կիլիկիոյ մէջ Դիտել պէտք է տալ 44: , սակայն թէ միջամտութիւնը կատարուած էր թէ՛ ուղղակի Սահակ Բ ի հետ հաղոր, . -դակցութեամբ թէ՛ գործի լծելով Պոլսոյ պատրիարքարանը որ փութացած էր Կիլիկիա, , ղրկել Պալաքեան վարդապետը Նոյնպէս դիտել պէտք է տալ թէ ինչպէս տիրող : , ընդհանուր մթնոլորտի նկարագրութեան համար ներկայացուած Սահակ Բ ի . 14 Փետրուար 1913 թուակիրէն եւ յաջորդ բաժնով ներկայացուելիք Նուպարի 12 Մարտ 1913 թուակիրէն կարելի է հետեւցնել Կիլիկիոյ Աթոռի կաթողիկոսն ինք արդէն նախա , -ձեռնարկ եղած էր Նուպարի խնդրանք ներկայացնելու որպէսզի համապատասխան , քայլեր առնելով կարելի ըլլայ կասեցնել վերահաս փորձութեան հոսանքը « »: Ծրագրին հեղինակները որոնք ռուս թրքական պատերազմի դադարը ամրագրած , - Սան Սթեֆանոյի հաշտութեան պայմանագիրը անոր հետեւած Պերլինի Դաշնագիրը , եւ մեծ տէրութիւններու 1895- ի բարենորոգումներու Մայիսեան Ծրագիրը իբրեւ նա -40 Տեփոյեան, Տամատեան, 131:41 Սերոբեան, Դիտումներ, 83:42 Տեփոյեան, Տամատեան, 136–137:43 Սիմոնյան, 304:44 Ալպօյաճեան, 2080:ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)| 77

