Page 107 - Demo
P. 107


                                          Վերջաբան բայց ո՛չ վերջին խօսք,        Գրաւեալ պատմական հայրենիք ունեցող եւ գերեվարեալ ամէն ազգի անկողոպ          -տելի իրաւունքն է ձգտիլ իր պատմական հայրենիքին ազատագրման՝ պապենական           հողին վրայ վայելելու ազատ անկախ եւ արժանապատիւ կեանք   ,     :  Այդ վախճանակէտը ազգեր պատմութեան ընթացքին նուաճած են պատեհ        պահերու ինքնեկ կամ դրսեկ մղումներով ըստ հնարաւորութեան ընտրելով զինեալ    ,     պայքարի ուղին կամ զուգորդելով բանակցային եւ ուժային գործունէութիւնները        , երբեմն ալ համակերպելով անցնիլ հոգատարական ինքնավարական եւ այլ հան    ,      -գրուաններէ: Այս հատորով ներկայացուած նիւթերը ցոյց կու տան թէ դարեր շարունակ օսման            -եան հարստահարիչ լուծին տակ իրենց պատմական բազմադարեան հայրենիքի կարգ         մը շրջաններուն մէջ տակաւին հոծ ներկայութիւն պահպանած հայութեան կեանքի        , ինչքի եւ պատիւի ապահովութեան ու ազգային ինքնութեան պահպանման համար           քայլի ձեռնարկած պատրիարքարանն սկզբնապէս բաւարարուած էր աղերսարկուի        , խնդրագրեր ներկայացնողի դերով որպէսզի թրքական կառավարութիւնը անխտրա  ,     -բար գործադրէր օսմանեան սահմանադրութեան տրամադրութիւնները իր հայ հպա          -տակներուն համար : Աւելի քան երեք տարի շարունակ մինչեւ Պալքանեան Ա Պատերազմի բռնկման    ,    .   նախօրեակը պատրիարքարանն իր մարմիններով բացատրելի բայց դժուար արդա,         -րանալի համբերութեամբ օրօրուած էր կառավարական խոստումներով եւ յորդորնե           -րովը օսմանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխաններուն հակառակ անոր որ բազմա    ,       -թիւ առիթներ ներկայացած էին հաստատելու թէ կառավարութիւնը ո՛չ թէ կամեցող          « բայց անկարող էր այլ՝ հայոց կացութիւնը բարւոքելու չկամ »  ,     :  Հայկական ղեկավար շրջանակները յապաղումով եզրակացուցած էին թէ՝ այլեւս        ոչինչ ակնկալելով թրքական կառավարութենէն եւ հիմք ընդունելով        1878-    1895-ին եւին Թուրքիոյ ստանձնած միջազգային յանձնառութիւնները՝ հարկ էր վերակենդա         -նացնել բարենորոգումներու հարցը իրենց տարրական իրաւունքներուն ապահովման  ,     երաշխիքը որոնելով արտաքին ուժերու մէջ    1:  1 Ապահովութեան զոյգ յանձնախումբերու   13/26 Նոյեմբեր 1913-  ի նիստին արձանագրու   -թիւնը՝ թէ առանց եւրոպական երաշխաւորութեան ոչ մէկ բարենորոգում կրնար իրակա             -նանալ եւ այդպիսի երաշխաւորութիւն թիւրք կառավարութիւնը բացայայտօրէն կը        մերժէր իր մէջ կ՚ամփոփէր ընդհանուր պատկերը,      :ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)| 107
                                
   101   102   103   104   105   106   107   108   109   110   111