Page 108 - Demo
P. 108


                                    Այդ ղեկավարութիւնը որպէս ռազմավարութիւն որդեգրած էր մի՛այն բանակցու          -թիւններու ճամբով իրաւունքներու նուաճման գործելակերպը յայտարարելով թէ    ,   գաւառահայութիւնը կ՚ուզէ մնալ հաւատարիմ օսմանեան հպատակ եւ բացառելով         ուժի կիրարկման գործօնը Այդ բացառումը կը կատարուէր հակառակ անոր որ ըստ  :         ,  վաւերագրերուն շրջակայ թուրք եւ քիւրտ բնակակիցները զինուած էին եւ կը շարու,              -նակէին զինուիլ միջոցներովը կառավարութեան մը որ ո՛չ միայն ոչինչ կ՚ընէր ապահո     ,          -վելու իր հայ հպատակներուն անվտանգութիւնը այլեւ կը մերժէր զինեալ տարրերու     ,       հարստահարութեան դէմ հայերու ինքնապաշտպանական միջոցներ տրամադրելու       խնդրանքները: Հանրագումարը՝ բարենորոգումներու հարցին վերաբերող անցեալ վաւերագրա      -կան թէ քննական գրականութեան եւ ներկայ հատորով ներկայացուող նիւթերուն ուր          ,-  կը հանդիպինք արեւմտահայերն ու արեւելահայերը խրամատելու եւ կամրջելու        հակընդդէմ երեւոյթներու ռուսամէտ թրքամէտ կամ այլամէտ արեւելումներու ինչպէս , ,    ,  նաեւ կուսակցական ու հատուածական մօտեցումներու կը մղէ խորհրդածելու թոյ     ,-    ,   -լատրելի դարձնելով առանձին ուսումնասիրութեան կարօտ հարցադրումներ առաջին     ,  գծի վրայ բերելով խնդրոյ առարկայ ծրագրին հետապնդման եղանակը զինեա՞լ թէ՞       .- ,  անզէն հետապնդում կամ՝ դիւանագիտական եւ բանակցային ճիգերու հետ ինքնա ,         -պաշտպանութեան ընդելուզո՞ւմ թէ՞ ոչ ,   : Բարենորոգումներու հարցին քննաբար մօտեցողներ մատնանիշ ըրած են այդ        հարցով զբաղող պատասխանատու կողմերու Կաթողիկոսութիւն Պատրիարքու     (,   -թիւն Պատուիրակութիւն Թիֆլիսի Ազգային Բիւրօ անձեռնհասութիւն Լէօ օրինակ,  ,   ) : , , Թիֆլիսի Ազգային Բիւրոյին մաս կազմած ըլլալով բոլորն ալ բարի ցանկութիւններով     ,      օժտուած մարդիկ նկատելով հանդերձ զանոնք գտած է խոշոր դիւանագիտական   ,     «  առաքելութիւն կատարելու ձեռնհասութենէ զուրկ Աւելի ուշ Չորմիսեան մատնա»   2:  ,   -ցոյց ըրած է քաղաքական դատողութեան տկարութիւններ եւ ինքնապաշտպանու    «  »     -թեան անտեսումով դիւրին ճամբու ընտրութիւն  «  » : 3Իսկ ինչպէ՞ս որակել կարգ մը շփումներ միամիտ ազգասիրութի՞ւն անուշադիր      .-  ,  կամ անգիտակից անգաղտնապահութի՞ւն դաւաճանութի՞ւն  , 4: 2 Լեո, Անցյալից, 247: Տես նաեւ Յաւելուածներու բաժնի թիւ ծանօթագրութիւնը     1 :3 Չորմիսեան, Համապատկեր Գ  ., 172–179:4 Օրինակ բերելով Իտալիոյ պարագան որուն Պոլսոյ դեսպանատունը կանոնաւոր կերպով   ,      իրազեկ դարձած է Ազգային Ժողովի գումարումներուն եւ նոյնիսկ քարոզչական գրքոյկ             -ներու հրատարակման ծրագրին՝ անոնց հրատարակութենէն առաջ տեղին պիտի ըլլայ     ,    արձանագրել թէ դեսպանատան տեղեկաբերներէն մին Օրմանեանին յղում կատարելով        դեսպանին յայտնած է թէ՝ Ազգային Պատուիրակութիւնը կը բաղձայ քիւրտերն ալ մասնա              -կից ընել Հայաստանի բարեփոխումներու նախաձեռնութեան թէ՝ երկուքի բաժնուած     .    հայերէն մաս մը կ՚ուզէ տեղական հայկական կոմիտէներու միջոցով սադրանքներ եւ             խժդժութիւններ գործադրել թէ՝ արդէն կայ երկու ապստամբական կեդրոն մին Վանայ .      ,   մէջ միւսը՝ Զէյթունի վերջինը յունական կառավարութեան հետ սերտ կապի մէջ ըլլալով,  ,         , եւայլն Բալոյան (, 29–33):   Եւ մտածել թէ Իտալիա անդամ էր բարենորոգումներու ծրագիրը          յաջողեցնել ջանացող Երրեակ Համաձայնութեան դէմ գործող եւ թրքական մերձեցումը           108 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   102   103   104   105   106   107   108   109   110   111   112