Page 109 - Demo
P. 109
Ընթերցողը կրնայ նաեւ տարուիլ այլ կարգի հարցադրումներով .- – Արդեօ՞ք լաւագոյն պիտի ըլլար հեռու կենալ հայկական հարցին միջազգայ -նացման փորձէն եւ ուղղակի բանակցիլ Բ Դուռն իրենց ափին մէջ ունեցող գլխաւոր . դերակատարներուն հետ գիտնալով հանդերձ թէ անոնք կը հետամտէին համիսլա , -մութեան համաթուրանականութեան եւ օսմանականացման քաղաքականութեան եւ, , թէ իրերայաջորդ իշխանութիւններ ո՛չ միայն չէին յարգած իրենց խոստումներն ու յանձնառութիւնները այլեւ զինած էին հայերը հարստահարող իսլամ տարրեր ցոյց, , տալով նաեւ զոհը պատասխանատու եւ յանցաւոր հռչակելու հակամիտութիւն 5: – Արդեօ՞ք ճիշդ էր բարենորոգումներու լուծման խնդրին մէջ Ռուսիոյ վերապահել առանցքային դերակատարութիւնը Կարելի՞ էր սակայն այդպէս չընել երբ պատրիար : , , , -քարանը ձախող ելքի պարագային օսմանահպատակ հայերը վրիժառութենէ փրկած ըլլալու համար շրջահայեցաբար իբրեւ ռազմավարութիւն որոշած էր բարենորոգումնե -րու խնդիրը միջազգայնացման միջոցով ապահովելու փորձին պատասխանատու ցոյց տալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Եւ դեռ՝ կարելի՞ էր թուրքերու եւ գերման 6: -ներու առջեւ պնդել թէ հայկական բարենորոգութիւններու հարցը կը ծառայէր Թուր -քիոյ եւ ո՛չ թէ Ռուսիոյ շահերուն : Կրնայ երկարիլ շարքը նման հարցադրումներու բայց պատմական դիւանա , - -գիտական դասեր քաղելու ծառայող այդ մտամարզանքները անհրաժեշտ եւ օգտակար ըլլալով հանդերձ մաս չեն կազմեր մեր նպատակին որ կը սահմանափակուի իրողու , , -թիւններու արձանագրութեամբ : Պատմական կատարեալ իրադարձութենէ մը ետք եթէ , « ... ապա վերլուծական» յետահայեաց փորձը կը յանգի խոցելի թէական եզրակացութիւններու՝ իրողութիւննե -րու իրարու շաղկապուած տարրերը դիտելով որպէս կայուն վիճակ իւրաքանչիւրն, իբրեւ կատարեալ եւ անփոփոխելի ինք իր մէջ անտեսելով թէ իւրաքանչիւր քայլ եւ գոր , -ծողութիւն կրնայ յառաջացնել համապատասխան արձագանգ եւ հակազդեցութիւն : պաշտպանող Երրեակ Զինակցութեան :5 Տուեալ շրջանի պատմութեան քննական ուսումնասիրութեամբ զբաղողներ կատարած են հարցադրումը ինչո՞ւ ազգային մարմինները ընդառաջ գացած էին բարենորոգումներու.- խնդրին լուծումը Ռուսիոյ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի պետութիւններուն վստահելու գաղափարին՝ խուսափելով օսմանեան կողմին հետ ուղղակի բանակցութենէ Ինչո՞վ : արդարանալի էր մեզ քանիցս յուսախաբ ձգած թուրքերու հետ բանակցելէ խուսափումը , երբ մեզ մէկէ աւելի անգամ յուսախաբ թողուցած էին նաեւ Ռուսիան եւ Արեւմտեան Եւրոպան տեսնել օրինակ՝ Դ Անանուն (, . , Ռուսահայերի Հասարակական Զարգացումը , հատոր երրորդ (1901–1918), Վենետիկ, 1926. Կարապետ Իզմիրլեան , Հայ Ժողովուրդի Քաղաքական Ճակատագիրը Անցեալին Եւ Ներկայիս Քննական Տեսութիւն ( ), տպ Սեւան. , Պէյրութ, 1964). Չորմիսեանի նախապէս նշեալ աշխատութիւնը ):6 Այլապէս ալ նկատի ունենալ թէ Արշարունի վերջնականապէս համոզուած էր թէ միայն ռուսական դիւանագիտութեան կրնային վստահիլ հայերը իսկ ռուս դեսպանին պաշտօ , -նական այցելութիւն տուած Գրիգոր Զօհրապն ու Ոսկան Մարտիկեանը մինչեւ իսկ ռուսա -կան մշտական գրաւման խօսք բանալով Մարտիկեան հաւաստած էր թէ ռուսական գրա , -ւումը ցանկութիւնն էր բոլոր հայ կուսակցութիւններուն միասնաբար Սիմոնյան (, 26):ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 109

