Page 113 - Demo
P. 113


                                    Լեւոն Տէմիրճիպաշեան  Ոսկան Մարտիկեան  Վահան Փափազեան քարտուղար գործավար  (-) 3 Մայիս 1913-  ին Ազգային Ժողովին կողմէ ընտրուած Ապահովութեան Խորհրդա       -րանական Յանձնաժողով՝  Գրիգոր Զօհրապ  Դաւիթ Տէր Մովսէսեան  17 Յարութիւն Շահրիկեան մինչեւ հրաժարումն ու իր մասնակցութեան  (            առկախումը ) Պետրոս Գալֆաեան  Վահան Թէքէեան մինչեւ իր Կեսարիա գործուղումը  (    ) Նիստերուն բնականաբար որեւէ ժամանակ կրնային մասնակցիլ օրուան պատ, ,       -րիարքն ու Ստեփան Գարաեանն ի պաշտօնէ մին՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչու       ,     -թեան նախագահի եւ միւսը՝ Քաղաքական Ժողովի ատենապետի հանգամանքով        : Յարակցաբար նշենք թէ ըստ Փափազեանի խորհրդարանական մարմնի անդամ   ,  ,    -ներէն բարեխղճօրէն եւ նուիրումով իրենց պարտականութիւնը կատարեցին Գ «       . Զօհրապը եւ մասամբ Շահրիկեանն ու Թէքէեանը միայն        » : 18Շահրիկեանի մասամբ « » մասնակցութիւնը կրնայ թերեւս բացատրուիլ անոր առկախեալ հրաժարականով իսկ       ,  Թէքէեանինը՝ Սեպտեմբերի կիսուն Կեսարիա մեկնումովը որպէս Ս Կարապետ վանքի       .   վարժապետանոցի նորանշանակ տեսուչ  : Կը մնայ աւելցնել թէ Թէքէեան Կեսարիոյ վանքի վարժարանին տնօրէն ընտրուած           ըլլալով՝ փոխարինող մը գտած ըլլալու գոհունակութեամբ       2/15 Սեպտեմբեր 1913-  ինճամբայ ելլելէ օր մը առաջ Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան Գա            -հիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ ակումբներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէր Գոհ եմ որ            . «     բարեկամս Տ Հայկ Խօճասարեան ընդունեց Ազգ Ժողովին եւ Ապահովութեան Խոր  .    .       -հրդարանական Յանձնաժողովին մէջ պաշտօնապէս ներկայացնել Ռամկավար      խմբակցութիւնը» : 19Խօճասարեան տուեալ շրջանին տնօրէնն էր Գատըգիւղի հայկա         -կան վարժարանին :  Բարենորոգումներու հայկական ծրագրին եւ Պատրիարքարան Ազգային     - Պատուիրակութիւն յարաբերութեան մասին   Բարենորոգումներու հարցին առնչուող գրականութեան մէջ շեշտը առաւելաբար       դրուած է Ապահովութեան Խորհուրդին պատրաստած եւ տը Կիրսի միջոցով          ռուսական կառավարութեան ներկայացուած նախագիծին վրայ որ աստիճանաբար    ,    17 Գաբրիէլ Լազեանի  Հայաստան Եւ Հայ Դատը Հայեւռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ         հատորին մէջ տպ Յուսաբեր Գահիրէ  (. , , 1957, 160) ակնյայտ գրաշարական սխալով մը    ներկայացուած որպէս Գ Տէր Մովսէսեան եւ հետագային կրկնուած Լազեանի հատորէն   .         օգտուողներու կողմէ :18 Փափազեան, 184:19 Համաձայն վաւերագրի մը մեր տրամադրութեան ներքեւ գտնուող պատճէնին        :ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)| 113
                                
   107   108   109   110   111   112   113   114   115   116   117