Page 114 - Demo
P. 114


                                    պիտի դառնար Մանտելշթամի վերամշակումով վեց պետութիւններու քննարկման       առարկան դարձած ծրագիրը Մինչ այդ Գէորգ Ե ի նախաձեռնութիւններէն ետք  :  ,   .-    զուգահեռաբար ծրագրեր կը մշակուէին նաեւ Ազգային Պատուիրակութեան եւ Ռու           -սաստանի հայոց կողմէ այդ ծրագրերու քննութիւնը վերապահելով Թիֆլիսի Ազգա  20,        -յին Բիւրոյին՝ նախքան ընդհանրական հայրապետին կողմէ վերջնական ծրագրի        վաւերացումը Այս նախաձեռնութիւններուն վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով:     , շուքի մէջ մնացած են այլ նախաձեռնութիւններ որոնք մինչեւ իսկ նախորդած են     ,      վերոյիշեալներուն: Յիրաւի գաւառներէն սկսած էին պատրիարքարան հասնիլ ծրագրեր՝ արձագան,        -գելով գաւառային առաջնորդարաններ ուղարկուած    11/24 Սեպտեմբեր եւ   19 Սեպ -տեմբեր Հոկտեմբեր/2  1912 թուակիր շրջաբերականներուն ինչպէս կը հետեւցուի իբրեւ ,      Յաւելուած 44, 45   46 եւներկայացուած վաւերագրերէն Նոյնիմաստ թուացող երկրորդ :    շրջաբերականին առաքումը կը մղէ ենթադրելու թէ երկրորդը կրնար անհրաժեշտ         նկատուած ըլլալ վեց նահանգներէն դուրս գտնուող հայաբնակ շրջաններու համար         : Այդ վաւերագրերուն մէջ ուշագրաւ է կէտերէն ոմանց ներդաշնակութիւնը Վանէն          մինչեւ Սամսոն Առաջին շրջաբերականն արդէն թելադրած էր որ թեմական խառն :          ժողովները նկատի առնէին ո՛չ միայն տուեալ գաւառի այլեւ ընդհանրապէս հայաբնակ       ,    նահանգներու համար կարեւոր ապահովութեան ինչպէս նաեւ ինքնօգնութեան յար   «,      -մարաւոր միջոցները Ներդաշնակութիւնը կը յուշէ թէ բացի պայմաններու նմանու »:      ,     -թենէն կրնար առկայ ըլլալ համադրուած համակարգուած աշխատանք մը՝ վերագրելի,      ,     Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ապահովութեան խնդրով զբաղող մարմնին       , թերեւս նաեւ կուսակցական գործիչներու   : Վահան Փափազեան եւ Զաւէն պատրիարք իրենց յուշերով հաստատած են թէ Հայ              Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մշակած էր ծրագիր մը որ հիմք պիտի ծառայէր      ,       պատրիարքարանի ծրագրին 21: 20 Մանրամասնութիւններու համար տեսնել՝ Փափազեան   , 220–227:21 Դաշնակցական գործիչներ հետեւողականօրէն պիտի ջանային իրենց սկզբնական ծրագ         -րէն դուրս մնացած տրամադրութիւններ յառաջ մղել ինչպէս յայտնապէս կը պարզուի     ,     Միքայէլ Վարանդեանի  21 Հոկտեմբեր 1913 թուակիր նամակէն ուր Սազոնովի մասին ,    խօսելով կ՚ըսէ թէ ան պիտի աշխատի ընդունիլ տալ նախկին կուսակցական ծրագրի մի,       «       քանի մերժուած կէտերը  » (Փամպուքեան ԺԱ, ., 34): Այս ճիգը կը կատարուէր հակառակ      անոր որ մշակուած էր արդէն իրաւախոհական եւ պաշտօնականացուած ծրագիր մը           : Բարենորոգումներու ծրագրին մշակման մասնակիցներէն եւ Ապահովութեան Խորհրդա          -րանական Յանձնաժողովի անդամ Յարութիւն Շահրիկեան առանց իր պատկանած    ,    կուսակցութեան անունը տալու պիտի գրէր  ,  . «... պատմութեան կը մնայ լոյս աշխարհ բերել       թէ ի՞նչ դեր կատարած են Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները հաւաքաբար թէ          առանձնապէս եւ ի՞նչ չափով կամ ի՞նչպէս եղած է որ Հայ Պատուիրակութեան պաշտ    .           -պանած նախագիծը դարձած է Երրեակ Համաձայնութեան կամ աւելի ճիշտ՝ Ռուս      ,     Դիւանագիտութեան առաջարկած ծրագրի հիմը   : ... կարելի է որոշապէս ըսել թէ հայկական        իրականութեան մէջ ամենէն աւելի քաղաքական հասունութիւն ունեցող որոշ տարր մը իր             ազդեցութիւնն ունեցեր է եւ անոր նախաձեռնութիւնով ծրագրուածն է նախապատուու            -114 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   108   109   110   111   112   113   114   115   116   117   118