Page 118 - Demo
P. 118


                                    յաւելուածներով ու ծանօթագրութիւններով կը մնայ ըսել թէ դատելով տպագիր  ,    ,   աղբիւրներէ եւ վաւերաթուղթերէ պատրիարքարան պատուիրակութիւն յարաբերու   , -  -թիւնը չէ ունեցած բաղձալի չափով հեզասահ ընթացք գէթ մինչեւ Յուլիս           1913, երբ բարենորոգումներու ծրագրին շուրջ միջպետական բանակցութիւնները վստահուեցան      Պոլսոյ դեսպաններուն : Բացի հատուածական դրդապատճառներէ պարագան կրնայ մասամբ բացատ  ,       -րուիլ նաեւ անով որ պատրիարքարանն իր մարմիններով իբրեւ արեւմտահայութեան  ,          ներկայացուցիչ՝ ինքզինք կը նկատէր բարենորոգումներու հարցին տէրը որմով      , , սակայն Գէորգ Ե ի կարգադրութեամբ ուրիշներ ներառեալ՝ Ազգային Պատուիրա,   .   ,     -կութիւնը սկսած էին զբաղիլ,    անկախօրէն եւ պաշտօնական հանգամանքով    31: Այդ ուրիշներուն մէջ կը թուի թէ նկատի չէր առնուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու            -թիւնը Սահակ Բ Խապայեան կաթողիկոսի անթուակիր Նոյեմբեր Դեկտեմբեր:   .    [/ 1912] նամակը արտայայտիչը կ՚ըլլար գաւառի եւ մասնաւորապէս Կիլիկիոյ հայութեան         անտեսումին ու անտեղեակ ձգուելուն միաժամանակ իր մէջ խտացնելով մտավախու    ,       -թիւն մը որ միայն իրը չէր թէ բարենորոգումներու հետապնդումը կրնար յանգեցնել  ,-     ,-       «ախտաւոր ոչխարը առողջ գազանի հետ փոխանակելու     » :  32Փափազեան իր տեղեկագիրը փակած է նշումներով եւ առաջարկներով որոնք         ,  շօշափուած նիւթին հետ իրենց անմիջական կապով յաւելեալ լոյս կը սփռեն պատուի            -րակութեան նկատմամբ գէթ պատրիարքարանի ներկայացուցչին մօտեցման մասին      : Ան կը գրէ   . Կ՚ուզէի իբր իմ դիտողութեանս եւ ուսումնասիրութեանց արդիւնքը քանի,        ,  մը խօսք ըսել պատուիրակութեան կազմութեան եւ անոր գործունէութեան         մասին: 31 Փափազեան պիտի գրէր  . «…մենք չէինք կրնար թիւրքահայութեան ճակատագրի տնօրի      -նութիւնը ամբողջովին թողուլ Էջմիածնին կամ Կովկասեան ղեկավարութեան Մեր      :  բախտն էր որ պէտք է տնօրինուէր        ...: ... Ապահովութեան Յանձնաժողովի առաջին ձեռ    -նարկներէն մէկը եղաւ մեր տեսակէտները հաղորդել Կաթողիկոսին որոշակի հասկցնել      .  , թէ դատին բուն տէրը մենք ենք եւ ուրեմն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ իր խորհրդա        ,          -կանները պարտաւոր են հաշուի առնել Թիւրքահայոց պատրիարքութեան տեսակէտը եւ           ղեկավարուիլ անով Նաեւ պիտի աւելցնէր թէ Յանձնաժողովը Նուպարի ալ հասկցուց »:          թէ կենդանի կապ պէտք է պահէ եւ համախորհուրդ գործէ Պատրիարքարանի հետ եւ «           »   քանի որ Նուպար ողջմիտ եւ ուղղամիտ մարդ էր տրամաբանական գտաւ պահանջն ու          ,      ներքին երկուութիւնը հարթուեցաւ Փափազեան   (, 186): Հակառակ այս հաստատումին  , ինչպէս նիւթերէն կը պարզուի որոշ անհարթութիւններ յամեցած էին Թէ Ամենայն Հայոց    ,    :    Հայրապետին արեւմտահայերուն վերաբերող հարցով զբաղելու իրաւասութիւնը եղած է         խնդրոյ առարկայ կարելի է հետեւցնել նաեւ Վանայ առաջնորդ Յովսէփ Եպսկ Սարաճ ,         .  -եանի մէկ զրոյցէն ուր պատրիարքարանէն ստացուած պաշտօնական նամակէ մը  ,       զայրացած կ՚ըսէ Ի՜նչ իրաւասութեան հարց է որ կը յարուցանեն Չէ՞ որ Ամենայն Հայոց, . «         :      Կաթողիկոսը բոլոր Հայերու քուէներովը ընտրուած՝ անոնց իսկական եւ իրաւական         ներկայացուցիչն է եւ հետեւաբար ամէն իրաւունք կը վայելէ անոր անունով խօսելու Ա    , ,        » ( . Թէրզիպաշեան, Նուպար, տպ Ա Տէր Յակոբեան Փարիզ.  .  , , 1939, 94):32 Տես Յաւելուած  48:118 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   112   113   114   115   116   117   118   119   120   121   122