Page 121 - Demo
P. 121
կողքին մերթ ընդ մերթ կը հանդիպինք նաեւ ինքնապաշտպանութեան յիշատակման : Անհաւանական չենք նկատեր որ Ազգային Ժողովի նիստերու արձանագրութիւն -ներէն կամ նոյնիսկ սակաւաթիւ անդամներ հաշուող ապահովութեան յանձնաժողով -ներու նիստերու ատենագրութիւններէն գաղտնապահական նկատումներով կանխա -հոգաբար դուրս ձգուած ըլլան ինքնապաշտպանութեան եւ զինապահովութեան մասին որոշումներ՝ եթէ կայացուած են այդպիսիներ Բայց եւ այնպէս յատկանշական կը մնայ : , ա՛յն որ ինքնապաշտպանութեան հարցը հետեւողականօրէն մնացած է ստուերի մէջ, եւ լաւագոյն պարագային կա՛մ նշուած է թէ ժողովը փակուած է առանց հարցը, , քննարկելու կա՛մ զանց առնուած է այդպիսի արձանագրութիւն մը իսկ, : Պատրիարքարանի շրջանակներն ինքնապաշտպանութեան խնդրին դարմանը խոհեմութիւն համարած են ապահովել նա՛խ օսմանեան կառավարութենէն Ինքնա : -պաշտպանութեան մասին առաջին ակնարկութիւնը կատարուած էր արդէն Ազգային Ժողովի 15/28 Հոկտեմբեր 1908- ի նիստին թէեւ այդ նիստի ընթացքին որոշումով Բ, . Դրան ներկայացուած դիմումին մէջ բացակայած է զինեալ թուրքերու եւ քիւրտերու հարստահարութեան ենթակայ անզէն հայերու ինքնապաշտպանութեան միջոց տրա -մադրելու խնդրանքը Անձնապաշտպանութեան համար Հայոց ալ զէնք կրելու հրա : « -ման տալու առաջարկ բերուած էր նաեւ » 10/23 Յունիս 1911- ի նիստին դա՛րձեալ, առանց գէթ երեւութապէս շօշափելի արդիւնքի : Ինքնապաշտպանութեան յիշատակումը հպանցիկ կերպով վերայայտնուած էր , ինչպէս նշուած է , 17/30 Մայիս 1913- ի նիստին Այնուհետեւ: , 5/18 Յուլիս 1913- իդռնփակ նիստին որ յաջորդած էր Ռոտոսթոյի եւ շրջակայքի արիւնալի դէպքերուն , , ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը արտայայտութիւն գտած էր Ներսէս Օհանեանի բերնով 36: Ինքնապաշտպանութիւնն իբրեւ օրակարգի հարց ընդգրկուած էր ապահովութեան յանձնաժողովներու ատենագրութիւններուն յատկացուած Բ տետրի առաջին նիստին . մէջ իսկ , 6/19 Յունիս 1913- , ին բայց կը պարզուի թէ ժողովականները միայն միտքերու փոխանակութիւն ունեցած եւ միջոցներ առաջարկած էին՝ որոշումը յետաձգելէ առաջ : Միջանկեալ նիստէ մը ետք նիւթը դարձեալ տեղ գրաւած էր օրակարգի մէջ՝ մնալով առանց քննարկման Նոյնը կրկնուած էր յաջորդ՝ : 24 Յունիս Յուլիս/7 1913- ի նիստին, այս անգամ յստակօրէն արձանագրուելով թէ ժողովը չէ կրցած զբաղիլ անով : Այնուհետեւ դարձեալ երկու յաջորդական նիստերու օրակարգին մէջ տեղ գտած ինք -նապաշտպանութեան հարցը կը թուի թէ մնացած էր առանց քննարկման՝ հետեւցնելով լուծման մասին որեւէ նշումի չգոյութենէն : Ա՛յդքան Յաջորդ նիստերու արձանագրութիւններուն մէջ մինչեւ ատենագրու: , -թիւններու տետրին փակումը այլեւս ոչ մէկ տեղ կը յիշատակուի ինքնապաշտպանու , -թիւնը: Արդեօ՞ք պարագան պէտք է առնչել յեղափոխական ապստամբական խռովա -- -րարական գործունէութիւններէ հեռու կենալու խորհուրդներուն զորս տուած էին մեծ , պետութիւններու ներկայացուցիչները որպէս թէ բանակցութիւններուն չվնասելու , 36 ԱԱԺ Բացում, 1913–14 նստաշրջանի նիստ Ը, ., 144:ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 121

