Page 120 - Demo
P. 120
խնդրէն վերջ մնալ պատուիրակութեան մէջ իբրեւ խորհրդականներ Այս : մասին առնել Վեհ Կաթուղիկոսի համաձայնութիւնը . 33: Հայասէրներու մասին Նիւթին վերաբերող եզրերու ենթաբաժնին մէջ տուած ըլլալով հայասէր բառին «» առնչուած մեր մօտեցումը պարզապէս պատշաճ կը համարենք իբրեւ Յաւելուած , 49 ներկայացնել Գերման Հայկական Ընկերութեան կողմէ Զաւէն պատրիարքի ուղղուած - 6 Դեկտեմբեր 1914 թուակիրը որ թէեւ չի նսեմացներ հայասէրներու՝ հայութեան, մատուցած գնահատելի ծառայութիւններուն տարողութիւնն ու չի նուազեցներ անոնց գործին հանդէպ երախտագիտական զգացումները բայց ցոյց կու տայ ազդեցութիւնը , , զոր իրենց երկիրներու արտաքին քաղաքականութիւնները կրնային գործել անոնց կողմնորոշումներուն վրայ՝ իբրեւ հաւատարիմ քաղաքացիներ : Այդ հայասէրներուն մէջ քիչ չեն եղած անշահախնդրօրէն անկեղծօրէն հայոց , օգտակար ըլլալ ուզողներ բայց նաեւ անհաւանական չէ որ անոնց մէջ գտնուած ըլլան , միամիտներ որոնք հաւատք ընծայած ըլլան իրենց կառավարութիւններուն որպէս թէ, հայանպաստ քաղաքականութեան կամ սնամէջ խոստումներուն : Խօսքը մասնաւորելով ներկայացուող վաւերագիրն ստորագրած անձերուն՝ Լեփսիուս Ռոհրպախ եւ Գրինֆիլտ անոնք Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 34 , ալ բանիւ եւ գործով պիտի շարունակէին զբաղիլ հայկական հարցերով եւ ջանալ օգտակար ըլլալ հայոց 35, բայց վաւերաթուղթին ոգին բացորոշաբար կը մղէ եզրա -կացնելու թէ հեղինակները կ՚ուզէին հայերը Ռուսիայէն անջատելով գերմանեւթրքա -կան կառքին լծել հայոց աչքին շողացնելով տուեալ պահու դժուարութեանց բար , « -ձումէն ետք խոստմնալից ապագայ մը երբ Թուրքիա իբրեւ պետական ուժ յստակ» , , , ըրած էր իր դիտաւորութիւնները իր ընդամէնը ազգային փոքրամասնութիւն մը կազ -մող հպատակ հայերուն նկատմամբ : Աղերսական բանակցութիւննե՞ր թէ՞ զինեալ պահանջատիրութիւն եւ , ինքնապաշտպանութիւն Կիլիկիոյ մէջ ապստամբութեան մը հարցը – Ինչպէս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի այնպէս ալ ապահովական յանձնա , -ժողովներու նիստերը լի են խուլ ականջներու հանդիպած եւ ապարդիւն մնացած ծանօթագրերու յուշագրերու դիմումներու մասին արձանագրութիւններով որոնց, , , 33 ՊՏԴ Շ, 406– 407: Շ34 Հայերն իրենց բնօրրանէն տեղահանելով Պաղտատի Երկաթուղագիծին շուրջ բնակեց -նելու վերաբերեալ 1913- ի Դեկտեմբերին Ռոհրպախի կատարած առաջարկին մասին տեսնել Յաւելուած 39- . ի Բ վաւերագիրը ինչպէս նաեւ Մուշեղ Սերոբեան Արքեպիսկո [] -պոսի Հայկական Մղձաւանջը Քննական Վերլուծումներ . աշխատութիւնը տպ (. «Ազգ ի» , Պոստոն, 1916, 70–71): 35 Աշոտ Հայրունի , Յոհաննես Լեփսիուսի Առաքելությունը , «Նաիրի հրատ Երեւան» ., , 2002: Աշոտ Հայրունի Յոհաննես Լեփսիուսը եւ Հայ Գործիչները , « », «Էջմիածին ամսագիր ԿԹ» , . Տարի Ապրիլ, 2013, 60–86: Հայաստան ըստ Ռօհրպախի 1919- ի Տեսութեան, . . Հ Յ Դաշնակ -ցութեան մատենաշար թիւ 2, տպ Արարատ Կ Պոլիս. , . , 1919:120 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

