Page 122 - Demo
P. 122
միտումով37: Ուրիշ հարց թէ հնարաւոր կրնա՞ր ըլլալ իրականացումը բանակցու -թիւններու ընթացքին մէջ բեկումնային նշանակութիւն մտցնող այդպիսի գործունէու -թեան մը՝ խուսափելով մէկտեղ ջարդերու յանգեցնող վրիժառութենէ երբ նաեւ կային , լրտեսներ եւ բացարձակ գաղտնապահութեան բացակայութիւն : Յայտնին այն է թէ քանի որ պաշտօնական մարմինները հայկական հարցը կամ , , տուեալ պահուն բարենորոգումներու խնդիրը որոշած էին հետապնդել միայն դիւա , -նագիտական միջոցով եւ ինքնապաշտպանութիւնը մարդկայնապէս ամենաօրինա « -կան գործը ըլլալով հանդերձ կարելի չէր ստանձնուած տեսնել անոնց կողմէ » , « » , 1912-ի Հոկտեմբերին պալքանեան պատերազմի բռնկումէն անմիջապէս ետք Եգիպտոսի , , մէջ չորս հայ կուսակցութիւններուն պատկանող անհատներ պաշտօնական շրջանակէ « դուրս ձգուած թերին լրացնելու համար կազմած էին » Ազգային Ինքնապաշտպանութեան Քոմիթէ անուամբ մարմին մը՝ իրականացնելու ազգային ինքնապաշտպանութեան գործը եւ նոյնիսկ ջանալու ձեռք բերել ինքնավարութիւն մը այլապէս ալ գէթ բաւա , -րարուելով Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ իրական ու տեւական բարենորոգումներու գործադրութեամբ՝ եւրոպական Մեծ Պետութեանց կամ անոնցմէ մէկուն հակակշռին տակ38: Այս մարմինն է որ մշակած էր Կիլիկիոյ մէջ զինապահովումով ինքնավարութեան հասնելու ծրագիրը եւ հրատարակած՝ ֆրանսերէն գրքոյկը զոր Վանկենհայմի հետ , 4 Յուլիս 1913- ի հանդիպման ընթացքին անգիտանալ կը ձեւացնէր Արշարունի եւ որուն 39 վիժման համար աշխատանք տարած էին հայկական պաշտօնական մարմինները : 37 Սազոնով եւ տը Կիրս օրինակ թելադրած էին թէ Եւրոպայի աչքին հայերը պէտք է որ , , « ներկայանան ո՛չ իբրեւ ըմբոստ յեղափոխականներ այլ զոհեր Փափազեան , ... » (, 187):38 Պետրոս Տեփոյեան , Ատոմ Ասլանեան , խմբ եւ ծնթգրթ Դոկտ Վաչէ Ղազարեանի հրատ. . . , . Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական . Վարչութեան Պէյրութ, , 1988, 129–134 եւ Պետրոս Յ Տեփոյեան . , Միհրան Տամատեան (1863–1945), 129–130):39 Տեսնել Յաւելուած 7- ն ու անոր թիւ 9–10 ծանօթագրութիւնները Նշենք թէ Արշարունիի: իր գրած պատասխան նամակով Նուպար երբ կը յայտնէ թէ իրեն ծանօթ չէ Փարիզ տպուած նման գրքոյկ կը խորհինք թէ շփոթութեան մը մատնուած ըլլալու է ան՝ գրքոյկը , ֆրանսերէն լեզուով ըլլալուն համար Ան կրնար Եգիպտոս կամ այլուր տպուած ըլլալ : : Գրքոյկին մէջ ոչ մէկ տեղ նշուած է Ֆրանսա տպուած ըլլալը եւ ֆրանսերէն լեզուն բնակա , -նաբար չէր կրնար հիմնաւորել Ֆրանսա տպուած ըլլալու ինքնաբերական ենթադրութիւն, մը Իսկ թէ Նուպար ծանօթ էր գրքոյկին կը հետեւցուի Յունիս: , 2 1913- ին Լեւոն Մկրտիչ -եանի ուղղած իր նամակէն ուր կ՚ըսէ Շատ զարմացայ ստանալով գրքոյկ մը՝ հրատա , . « -րակուած ինքնակոչ Եգիպտոսի Ազգային Պաշտպանութեան Քօմիթէ ի մը կողմէ որ կը « »- , պահանջէ Կիլիկիոյ Հայոց ինքնավարութիւնը »: Ապա կ՚աւելցնէ թէ ծանօթ չըլլալով հեղինակներուն չի կրնար անոնց դիմել բայց թէ Մկրտիչեան կրնայ անոնց հասկցնել թէ, , վտանգաւոր է անոնց ընթացքը Նուպար ոճրագործ անմտութիւն կ՚որակէ ճիգը եւ կը : « » շեշտէ Առանց Պատուիրակութեան հաւանութեան ներկայացուած ամէն ծրագիր արժէք. « չունի պետութեանց աչքին եւ ուրիշ արդիւնք չի կրնար տալ այլ միայն խանգարել բա , -նակցութիւնները եւ վնասել այն դատին զոր բոլոր Հայերը պարտաւոր են պաշտպանելու » (ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ, ):122 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

