Page 311 - Demo
P. 311
Յաւելուած 46 Առաջնորդութիւն Հայոց Ճանիկի Սամսոն, 31 Դեկտեմբեր[/13 Յունուար] 1912 Դիւան Գաւառ Վարչութեան . Համար 108 Ամենապատիւ Տ Տ Յովհաննէս Սրբազան . . Արքեպիսկոպոս Բարձր Պատրիարք եւ Նախագահ Պատկ Կեդրոն Վարչութեան . . . Պատրիարքարան Հայոց Կ Պոլիս. Բարձր Ս Հայր. . Քաջալերուելով Պատրիարքարանիդ 29 Սեպտեմբեր 1912 թիւ շրջաբերականէն ուր ի միջի զանազան յանձնարարութեանց կը յայտարարուէր նաեւ թէ Տէրութիւնը «կ՚զբաղի պատրաստելու հայաբնակ նահանգաց համար հիմնական բարենորոգումնե -րու ծրագիր մը եւ կը խոստանայ գործադրութեան դնել », նկատի ունենալով նաեւ Պետական Դահլիճին այս օրերուս մէջ բարենորոգման մասին ցուցուցած ոգեւորու -թիւնը եւ փութաջանութիւնը զոր մամուլը կը հրատարակէ իբրեւ ճշմարիտ Օսման , -ցիներ եւ մանաւանդ բերումովն այն հանգամանքին զոր ունինք իբրեւ ազգ եւ իբրեւ ազգ պաշտօնական մարմին Գաւառիս վարչութիւնը պարտք համարեց այս առթիւ. , խոնարհաբար քանի մը թելադրութիւններ ընել Պատկ Կեդրոնական Վարչութեանդ . որ ուրախ ենք լսելով այն լուրջ ձեռնարկներն որոյ իբրեւ արդիւնք յոյս ունինք մօտ , ժամանակներու մէջ տեսնել ազգային բաղձացուած հիմնական բարենորոգումը : Դիտելի է զի Օսմ կառավարութիւնն մօտաւորապէս դար մը առաջ զգացած է . երկրին բարենորոգման պէտքը ինչպէս կը հաստատեն նշանաւոր Խաթթը Հի ւ մա , [ ] -յունները, 1856 ին Փարիզեան Դաշնագրի որոշումները եւ , 1878 ի Սան Սթէֆանոյի 16 րդեւ Պերլինի Վեհաժողովի 61 րդ յօդուածները եւ այն բոլոր ծրագիրները որոնք, մշակուեցան Եւրոպական պետութիւններու եւ Բ Դրան փոխադարձ համաձայնու . -թեամբ եւ, 1880 1895 ին եւին Մայիսեան Ծրագիրը՝ որք ամէնքը կը խոստանային անմիջական եւ անյետաձգելի գործադրութիւնը բարենորոգման՝ բոլոր հայաբնակ նահանգներու մէջ Բայց ասոնք ամէնքն եւ վերջապէս : 1908 ի Սահմանադրութեան հանդիսաւոր եւ օրինական տրամադրութիւնքն եւս դժբաղդաբար ոչ միայն պահան -ջուած արդիւնքը չունեցան եւ չպսակեցին հաւատարիմ եւ երկրասէր Օսմանցիին ակնկալութիւնները այլ ասոնց հակառակ արդիւնքը այսինքն, , 1895, 1896, 1897, 1904 տխուր յիշատակներով լի տարիներու կանխամտածուած կոտորածները Սահմանա , -դրութեան օրով պատահած Ատանայի ջարդը՝ եկան վերջնականապէս հաստատելու մեր այն համոզումը թէ Օսմ կառավարութիւնն՝ եթէ նոյնիսկ ունենայ անկեղծ բարեա , . -ցակամութիւնը կայսրութեան բոլոր մասերուն մէջ բարենորոգումներ գործադրելու, , չունի սակայն այդ բարենորոգումի ծրագիրները իրագործելու համար հարկաւոր ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 311

