Page 162 - Demo
P. 162


                                    ԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԱՀԻՐԷԻ ԱՐՏԱԿՈՒՍԱԿՑԱՅԻՆ.    ԱՌԺԱՄԵԱՅ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ   Գահիրէի Միջկուսակցային Մարմնին հրաւէրով Մայիս     29-  ին Ազգային Սրահին  մէջ գումարուած Մտաւորականներու Ժողովը ընդունելով ինքնապաշտպանութեան   ,   ազգային պէտքը եւ ընդունելով որ արտակուսակցականներն ալ պէտք է մասնակցին              այդ գործին հարկ տեսած էր սակայն աւելի լայն սահմաններու մէջ քննելու համար ,            գործը՝ նոր ժողով մը գումարել մասնակցութեամբ Գահիրէի ամէն շրջաններէն եւ    ,       խաւերէն ներկայացուցիչներու եւ այդ մասին պաշտօն յանձնած էր Տեարք Պետրոս ,           Յովսէփեանի եւ Արտաւազդ Հանըմեանի Այդ նպատակով Յունիս ի Չորեքշաբթի    :    4   գիշեր Գահիրէի Ազգ Սրահին մէջ գումարուած հայ հասարակութեան ներկայա,  .       -ցուցիչներու ժողովը համերաշխութեան եւ ինքնապաշտպանութեան հարցերու ,     նկատմամբ խորհրդակցելէ վերջ միաձայնութեամբ հետեւեալ բանաձեւը քուէարկեց  ,    : «Գահիրէի հայ հասարակութեան ամէն խաւերն ու շրջանակներն առանց        խտրութեան ներկայացնող մօտ   60 հոգիներ Յունիս ի Չորեքշաբթի օրը Ազգային,  4   ,  Սրահին մէջ հաւաքուած՝ խորհրդակցելու համար համերաշխութեան եւ ինքնապաշտ          -պանութեան հարցերուն վրայ  , Լսելէ յետոյ օրուան բանախօսները եւ կարծիքներու լուրջ փոխանակութիւն մը          կատարելէ յետոյ , 1.- Միաձայնութեամբ կ որոշեն որ քաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ հայ  '       ժողովուրդին բոլոր խաւերը պէտք է համերաշխին հայկական դատին պաշտպա      ,     -նութեան համար , 2.- Միաձայնութեամբ կ ընդունին թէ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը  '    ազգին ներկայ պայմաններուն մէջ անյետաձգելի պէտք մըն է        ,  3.-  -Ոչ կուսակցական հասարակութեան մասնակցութեան լաւագոյն պայմանները     ճշդելու համար կ որոշեն ընտրել Գահիրէի հայ գաղութին մէջէն Յանձնախումբ մը   '       , բաղկացած ինը անդամներէ որ բանակցի Միջկուսակցային Խառն Մարմնին հետ եւ  ,       ,   ուսումնասիրելով համագործակցութեան եւ ինքնապաշտպանութեան հարցը՝     վերջնական եզրակացութեան եւ համաձայնութեան մը գայ       »:  Յիշեալ Յանձնախումբը կը կազմեն՝ Տեարք Մ Անդրանիկեան Յ Ասատուրեան       . ,  . , Հ Ինայէթեան Մ Ղազարոսեան Վ Մալէզեան Պ Յովսէփեան Մ Սոսօյեան Յ. ,  . ,  . ,  . ,  . ,  . Տիրատուր եւ Տ Փիլիպպոսեան    . : Յանձնախումբը ընդունելով իրեն վստահուած մասնաւոր եւ առժամեայ պաշտօնը        , ի բացակայութեան Տ Տ Փիլիպպոսեանի որ Աղեքսանդրիա կը գտնուէր հինգ նիստի   .  .       ,   մէջ Յունիս,  7, 9, 11, 15, եւ 17  ին գումարուած ձեռնարկեց խնդրոյն ուսումնա,    -սիրութեան, Եւ կարդալէ վերջ Միջկուսակցային Մարմնոյն Կանոնագիրը լսելէ վերջ Տ     ,    . Ակնունիի լուսաբանութիւնները եւ Միջկուսակցային Մարմնոյն կողմէ նշանակուած ,       ներկայացուցիչներուն Տեարք Ա Հանըմեանի Ապահ Պետրոսեանի եւ Պերճ Օհան   . ,        -եանի հետ վերջին երկու նիստերուն մէջ խորհրդակցութիւններ կատարելէ վերջ        , 162 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ    (1912-1913)
                                
   156   157   158   159   160   161   162   163   164   165   166