Page 160 - Demo
P. 160
ապա նաեւ հրապարակելով Ճիզմէճեանի նախապէս ակնարկուած եռակողմ յայտա -րարութիւնը ուր Դաշնակցական Ենթակոմիտէները Հնչակեան Մասնաճիւղերն ու, , Սահմանադրական Ռամկավար Ակումբները կը ծանուցէին իրենց ուժերու շաղ- -կապումը՝ յանուն Երկրի հայ ժողովուրդին « ինքնապաշտպանութեան», նաեւ յայտնելով . «Քաղաքական այս շաղկապումին գործնական կերպարանք տալու համար երեք , Կուսակցութիւններու տեղական մարմինները անվերապահօրէն համամիտ ինքնա , -պաշտպանութեան գաղափարին շուրջ որոշեցին կազմել Միջկուսակցական Խառն , Մարմիններ՝ Աղեքսանդրիա եւ Գահիրէ նպատակ ունենալով գործնականապէս եւ , նիւթապէս նպաստել Երկրի ժողովուրդին սահմանադրական իրաւունքներուն պաշտ -պանութեանը անոր քաղաքացիական եւ ազգային ապահովութեանը ինչպէս նաեւ, , գալիք վտանգներուն դիմագրաւելու ուժին »: Յայտարարութիւնը նաեւ կը տեղեկացնէր թէ Մարմինն արդէն միասնաբար մշակած է ներքին կանոնագիր մը որ արժանցած է երեք կուսակցութիւններու հաւա , -նութեան138: ՀՍՌԿ ի Գահիրէի Ակումբի- 10 Մայիս 1913- . ի Ի Ընդհանուր ժողովի ատենա -գրութեան մէջ կը կարդանք . Ընկեր Յ ակոբ Փափազեան յայտնեց թէ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ [] ընկեր Ակնունի մէկ երկու շաբաթէ ի վեր Աղեքսանդրիա հասած է եւ երեք կուսակցութեանց տեղական մարմիններու հետ բանակցելով յաջողած է Ազգ . Պաշտպանութեան Գօմիթէին ձեռնարկած ինքնապաշտպանութեան գործին շուրջ համախմբել բոլոր կուսակցութիւնները գալ որոշ եզրակացութեան , , մշակել յստակ ծրագիր եւ նկատելով հայրենիքի ազգակիցներուն անցուցած եւ անցունելիք ահաւոր եւ անստոյգ կացութիւնը փափաք յայտնեց որ երբ ընկեր , Ակնունի մօտ օրերէն Գահիրէ հասնի Գահիրէին Ակումբն ալ իր աջակցութիւնը , տայ եւ հոս ալ հիմնուի Միջկուսակցային համերաշխ մարմին մը նման անոր որ արդէն գործելու վրայ է Աղեքսանդրիա եւ կարդաց հոն մշակուած ծրագիրը , : Նախագահը ի դիմաց ժողովին յայտարարելով թէ Գահիրէի Ակումբը հաճոյքով կը լսէ եղած իրողութիւնը եւ բացատրելով թէ հոս արդէն ամէն կերպ աշխատութիւն եղած է այդպիսի եղբայրական համերաշխութեան մը ընդ առաջ երթալու շնիորհակալութիւն յայտնեց ընկեր Յակոբ Փափազեանի , տուած տեղեկութիւններուն համար եւ ժողովը միաձայնութեամբ հաւա -նութիւն տուաւ այդ ուղղութեամբ գործելու : Իսկ 27 Յունիս 1913- ի նիստն ատենագրողը կ՚արձանագրէ . Ինքնապաշտպանութեան միջկուսակցական մարմնոյն կազմին մասին տեղեկութիւններ Նախագահը բացատրեց թէ դիւանը երկու պաշտօնական: ղեկավարուին մեր ծրագրով մեր կեդր մարմիններու մշակած առաջադրութիւններով , . : Դժբախտաբար պետութիւններուն ներկայացուած այդ մարմնի ծրագիրը մէկ քանի կէտերու մէջ խոշոր կերպով կը տարբերի մեր պահանջներէն Այդպիսի հակասական : քայլերէ պէտք է խոյս տալ Փամպուքեան » (, 397):138 «Եգիպտահայ Տարեցոյցը », 1914, 44–47:160 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)