Page 172 - Demo
P. 172


                                    Կաթողիկոսը մինչ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու գերագոյն մարմինները,         մնացած են ձեռնպահ բոլորն ալ այն համոզումով թէ՝ խռովարարական շարժում մը ո՛չ   ,              միայն կը վնասէ Արեւմտահայաստանի մէջ եւրոպական մեծ տէրութիւններու հակա           -կշռին ներքեւ բարենորոգումներ ապահովելու ճիգերուն այլեւ նոր կոտորածներու    ,     կրնայ ենթարկել Կիլիկիոյ հայութիւնը հակառակ անոր որ հայ բանագնացները հայոց   ,         պահանջները առանց ձգձգումի թուրքերուն ընդունիլ տալու համար զանազան առիթ          -ներով այդ տէրութիւններու ներկայացուցիչներուն մօտ գործածած են հաւանական         խռովութիւններու ծագման խաղաթուղթը  : Կը թուի թէ գործնական արգելակիչ քայլերով դրսեւորուած այդ հակառակութիւնը          յիշեալներուն մօտ որպէս հասարակաց յայտարար ունեցած է խոհեմաբար շարժելու          եւ խռովարարական քայլերէ խուսափելու յորդորները թէ՛ Երրեակ Համաձայնութեան        պետական դէմքերուն թէ՛ Երրեակ Զինակցութիւնը գլխաւորող Գերմանիոյ բոլորն ալ ,     ,    հասկցնելով նաեւ թէ ո՛չ մէկ պետութիւն պիտի ուզէր ճնշել օսմանեան Թուրքիոյ վրայ՝               խռովութիւն մը ծագելու պարագային թրքական արիւնալի հակազդեցութիւնը        չէզոքացնելու համար 142:  Սահակ Բ ի եւ Նուպարի հակառակութիւնը չէ ունեցած առ հասարակ ապստամ  .             -բական շարժումներու դէմ սկզբունքային բնոյթ եւ սահմանափակուած է տուեալ          պահուն տուեալ ծրագրերով Այլապէս իր շեշտ հակառուսականութեամբ եւ թուրքերու  : ,        հետ բանակցելով հարցեր լուծելու նախասիրութեամբ բնորոշուող Սահակ Բ դէմ չէ        .    եղած դրական արդիւնքի երաշխիքով ուղեկցող ուժի գործածութեան ինչպէս որ      ,   ռուսական արեւելումի հետեւող Նուպար դէմ չէ եղած մեծ տէրութիւններու մօտ           կատարուող դիւանագիտական ջանքերը զօրացնող ապստամբութեան     143:  142 Մէկէ աւելի առիթներով կատարուած յորդորներ եւ զգուշացումներ վաւերագրող նիւթեր          ընդգրկուած են մեր    Հայկական Բարենորոգումներուն Առնչուող Նիւթեր    (1912–1914) աշխա  -տութեան մէջ Ռուս արտաքին գործերու նախարար Սազոնովն ու Պոլսոյ դեսպան տը :           Կիրսը օրինակ թելադրած էին հայերն անհրաժեշտաբար Եւրոպայի ներկայացնել որպէս, ,        զոհեր եւ ո՛չ թէ ըմբոստ յեղափոխականներ Փափազեան          (, 187):143 Սահակ Բ ի մօտեցումն արդէն ներկայացուցած ենք նախապէս Նուպարի դիրքն առար  .      :    -կայականօրէն հասկնալու համար հարկ է նկատի ունենալ անոր Սահակ Բ ի ուղղած           .    30 Ապրիլ 1915 թուակիրը՝ Կիլիկիոյ մէջ ապստամբութեան դիմելու գաղափարը Համաձայ        -նականներուն ներկայացնելէ ետք Նուպար կ՚ըսէ  :  . «... անցեալին մէջ  ... հակառակ էի իմ     հայրենակիցներուս ամէն յեղափոխական եւ ապստամբական շարժմանց որոնք իբր թէ      ,    կը ձգտէին Օսմանեան Կայսրութեան Հայոց վիճակը բարելաւելու Որովհետեւ վստահ էի      :     թէ մենք մեր սեփական ոյժերով չէինք կրնար մեր ազգային կամքը պարտադրել Թուրքիոյ ,   ,       , եւ աւելի նուազ եւս Եւրոպայի թէ այս վերջինը    .     ... մեզ մինակ պիտի թողուր մեր հարստա       -հարիչներուն հետ Այսպէս մեր կողմէ ամէն անմտած գործողութիւն ո՛չ միայն չպիտի : ,         բարելաւէր մեր վիճակը այլ ընդհակառակը աւելի պիտի վատթարացնէր զայն  ,      : «Այս պատճառաւ էր որ երկու տարի առաջ ամբողջ կրցածս ըրի կասեցնելու համար             ապստամբութեան այն փորձը զոր քանի մը անխորհուրդ հայրենասէրներ ընելու վրայ էին            Կիլիկիոյ մէջ : ...  «  Եւ սակայն պէտք չունիմ անշուշտ դիտել տալու,      ...   թէ ամէն ժողովուրդ իր ազատագրու ,    -թեան արժանի դառնալու համար պէտք է իր կողմէն կատարէ կարգ մը պարտականու   ,            -172 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ    (1912-1913)
                                
   166   167   168   169   170   171   172   173   174   175   176