Page 174 - Demo
P. 174
Ինչպէս մեր նախորդ 145, այնպէս ալ ներկայ աշխատութեան համար նիւթերու պեղ -ման ընթացքին մեզ շարունակ տագնապեցուցած այս հարցադրումներուն պատաս -խանը կը կարօտի անկախ լուրջ ուսումնասիրութեան մը որ յարակցաբար վճռէ թէ՝ , – Կարելի՞ է հաստատապէս արկածախնդրութիւն կոչել կամ դատապարտելի գտնել ծրագիր մը որուն հեղինակները աչքի առջեւ ունենալով մօտիկ անցեալի քանի մը յաջող , դրուագ եւ յոյս դնելով շահագրգիռ պետութեան մը կամ պետութիւններու հաւանական միջամտութեան վրայ փորձած էին Կիլիկիոյ հայութեան համար ապահովել ա՛յն ինչ , , բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու եղանակը որդեգրած պատասխանատու -ներ կը ձգտէին ապահովել նո՛յնպէս շահագրգիռ պետութիւններու միջամտութեամբ , երբ նախընթաց նման փորձեր ստորագրուած անգործադրելի թուղթի կտորներ ձեռք ,- բերուած ըլլալով հանդերձ 1878- 1895- ,- ին եւին յանգեցուցած էին ժողովրդագրական անշրջելի փոփոխութիւններու՝ նոր սահմանագծումներու բնակչային տեղաշարժերու , եւ կոտորածներու միջոցով : ––––– 145Հայկական Բարենորոգումներուն Առնչուող Նիւթեր (1912–1914), Փորթսմութ Ռոտ Այլընտ- , 2024:174 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)