Page 18 - Demo
P. 18
Ապահովութեան Յանձնաժողովը 27 Դեկտեմբերին կազմած էր հետեւեալ հրա -հանգը որպէս ուղեցոյց պատրիարքարանին բռնելիք ընթացքին բարենորոգումներու, խնդրին կապակցութեամբ : Թուրքիաբնակ Հայ ժողովուրդը՝ հիմնուելով անցեալի փորձառութեանց եւ Օսմանեան Կառավարութեան մէկ քանի տասնեակ տարիներու ընթացքին հայ -կական նահանգները բարեկարգելու բազմիցս շռայլած խոստումներուն եւ ստո , -րագրած յանձնառութեանց վրայ որոնք չգործադրելէ զատ ունեցան բացասական [], , եւ եղերական վախճան դժբախտաբար եկած է այն խոր համոզման որ Օսմանեան , , Կառավարութիւնը ոչ միայն երբեք բարեկամեցողութիւն չունի այլեւ բացարձա , -կապէս անընդունակ է բարեկարգելու թէ երկիրը եւ թէ մասնաւորապէս հայաբնակ նահանգները: Թուրքիաբնակ Հայ ժողովուրդը Օսմանեան Կառավարութեան ներկայիս ցոյց տուած փութկոտութիւնը եւ այն՝ Հայկական նահանգներու մէկ մասին միայն բարեկարգելու վերաբերմամբ՝ կը նկատէ ասիական դիւանագիտական խաղ մը , եւրոպական մեծ տէրութիւնները այս անգամ եւս մոլորեցնելու եւ որ եւ է լուրջ ձեռնարկէ խուսափելու նպատակով : Հայ ժողովուրդը աներկբայ է որ իր վիճակը ապագային ա՛լ աւելի անհանդուր -ժելի պիտի դառնայ այն պատճառով որ գրեթէ միակ քրիստոնեայ ժողովուրդը կը , , մնայ ինք Արեւելեան նահանգաց մէջ շրջապատուած մահմէտականներով , : Ուստի թուրքիաբնակ Հայ ժողովուրդը իր գոյութեան հարցովը մտահոգ , , հասկնալ պէտք է բանակցին պատրիարքարանի հետ Հակառակ ասոր պատրիարքա, : , -րանը դժգոհութիւն յայտնեց մեր մասին »: Ապա Մալէզեան, 22 Դեկտեմբեր 1912- ին իրՊոլիս այցելութեան մասին Նուպարի ուղարկած տեղեկագրին մէջ տալով Օրմանեանի նշած նոյն անունները երեւելիներու մասին կը գրէ Պ Քէլէկեան քաջութիւնը ունեցած է , . « . ըսելու կարգ մը ճշմարտութիւններ որոնք շատ դառն են իրենց անկեղծութեան մէջ եւ , հասկցուցած է թէ բոլոր ծրագիրներն ալ ոչինչ պիտի արժեն ցորչափ չբարեփոխուի , թրքական մտայնութիւնը դէպի քրիստոնեաները Պ Քէլէկեան այս միջոցիս կը պատ : . -րաստէ հակա ծրագիր մը եւրոպական երաշխաւորութեանց հիման վրայ եւ անոր մէկ - , , պատճէնը պիտի ղրկէ Ձեզի »: Վերջապէս Նուպար իր, 3 Յունուար 1913 թուակիրով Մալէզեանի կը գրէ Բ Դրան Բարենորոգմանց Յանձնաժողովին նիստերուն նկատմամբ . « . արդէն տեղեկութիւն ստացած էի նոյն ինքն Քէլէկեանէն որ սքանչելապէս խօսած է եւ ըսած է թէ ոչինչ կարելի է ընել առանց միջազգային հակակշռի »: Նուպար նոյն նամակին մէջ աւելցուցած է Ճիշդ նոյն բանը յայտարարած էի այստեղ դեսպան Րիֆաթ փաշայի երբ . « [] , ինծի հարցուց թէ արդեօք կարելի չէ՞ որ այս բարենորոգումները իրականացնէինք ընտանեօք առանց անոնց խառնելու օտար տէրութիւնները Իրեն պատասխանեցի թէ իմ, : հայրենակիցներուս պահանջումներով զբաղելու հաւանութիւն յայտնեցի ա՛յն պայմանաւ միայն որ անոնք հաստատ եւ անվկանդ հիման մը յենուն այն իրաւունքներուն վրայ որոնք , ձեռք բերուած են ո՛չ միայն Թուրքիոյ այլ նոյն ատեն տէրութեանց յանձնառութիւններուն , համաձայն ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ Քէլէկեան Մալէզեանի ուղղուած Յունուար» (, ): 2 1913 թուակիր նամակով ընդարձակ նկարագրականը ըրած է վարչապետին հետ տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպման Մալէզեան (, Ճամբուս ծայրը , 42–47): 18 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)