Page 19 - Demo
P. 19


                                    ստիպուած է դարձեալ դիմելու եւրոպական մեծ տէրութեանց յանուն քրիստո       ,   -նէութեան եւ մարդասիրութեան եւ անոնց յիշեցնելով հայաբնակ նահանգները   ,       բարեկարգելու մասին իրենց քանիցս ստանձնած պաշտօնական յանձնառութիւն        -ները որոնք անգործադրելի մնացած են դժբախտաբար ցարդ խնդրելով որ այս,       ,    անգամ վճռապէս ձեռք առնեն հայաբնակ նահանգները արմատապէս բարեկար        -գելու հարցը : Ազգային պաշտօնական մարմինները պիտի ղեկավարուին հետեւեալ ուղե        -գիծով. Ա Թ ո ւրքիաբնակ Հայ ժողովուրդը կը դիմէ եւրոպական մեծ տէրութեանց.-  [ ]         եւ յիշեցնելով անոնց քանիցս ստանձնած յանձնառութիւնները ի մասին հայաբնակ          նահանգներու բարեկարգութեան կը խնդրէ ընդունիլ Հայ ժողովուրդի ազգային ,        գոյութիւնը եւ քաղաքական ու քաղաքացիական իրաւունքները ապահովող բարե           -նորոգման ծրագիր մը որ ի մօտոյ պիտի պատրաստուի եւ մատուցուի առ որս անկ   ,              է եւ որուն իրականացումը նոյն պետութիւնները հաւաքաբար երաշխաւորելով,        , գործադրութիւնը յանձնեն դրացի եւ շահագրգռ ու ող Ռուս Կայսերական Պետու     [ ]     -թեան: Բ Թուրքիաբնակ Հայ ժողովուրդը ներկայացնող Կ Պոլսոյ Ազգ Պատրիար.-      .  .  -քարանը անհրաժեշտ կը նկատէ ըստ առաջնոյն շարունակել իր պաշտօնական         յարաբերութիւնները Օսմանեան Կառավարութեան հետ Ազգիս Վեհափառ   ,   Ընդհանրական Սրբազան Հայրապետին յանձնելով թրքահայ ժողովուրդի դատի       պաշտպանութեան համար հարկ եղած ձեռնարկները    20:  Կը բաւարարուինք այս նախածանօթութեամբ՝ բարենորոգումներու ծրագրին      նուիրած ըլլալով առանձին աշխատութիւն մը      Հայկական Բարենորոգումներուն Առնչուող   Նիւթեր (1912–1914) խորագրով Փորթսմութ (, 2024):   20 ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ, :ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ    (1912-1913)| 19
                                
   13   14   15   16   17   18   19   20   21   22   23