Page 23 - Demo
P. 23
Արշակ Չօպանեան (1872–1954), ատենին հռչակուած՝ Հայ Մշակոյթի Դեսպան « » մասնաւորապէս Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի մէջ է՛ր նաեւ , քաղաքական դեսպան՝ Հայկական Հարցի գծով իր կատարած քարոզչական աշխատանքով ստանձ , -նած ազգային ներկայացուցչական դերերով Լոզանի Դաշնագրի կնքումէն ետք հայ , գաղթականներու տեղաւորման խնդիրներով զբաղելով եւ շրջան մը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամի հանգամանքով : Կարլեն Դալլաքեան (1929–2008) մենագրութեան մը մէջ ծաւալուն կերպով յիշա -տակած է Չօպանեանի հասարակական եւ քաղաքական գործունէութիւնը որուն մեզ 21, հետաքրքրող ժամանակահատուածին վերաբերեալ յարաբերաբար հակիրճ բաժինը կ՚իյնայ Քաղաքական գործունէութեան նոր փուլը խորագրեալ ԺԴ գլխուն տակ « » . : Հոն Դալլաքեան Չօպանեանի գործունէութիւնը կը բնորոշէ որպէս զգացական « մղումներէ սնած խանդավառութեամբ քան քաղաքական ծանրակշիռ ու խոհուն , հաշուենկատութեամբ իրականացուած ճիգ ապա կը ներկայացնէ Չօպանեանի» , շփումները արեւելահայ ռուս եւ ֆրանսացի անձնաւորութիւններու հետ Իր այդ , : յարաբերութիւններով Չօպանեան արեւմտահայութեան վիճակին բարւոքումը կը կապէ Ռուսիոյ հետ միաժամանակ յուշելով թէ Կիլիկիան անտես պէտք չէ առնուի , Արեւմտահայաստանի նահանգներու անապահովութեան եւ հարստահարութեանց դարման գտնելու աշխատանքներու ընթացքին 22: Չօպանեանի այստեղ ներկայացուող ուղղակի իրմէ ստորագրեալ թէ մէջբերեալ նամակներուն պատճէնները որոնց բնագրերուն հանդիպած ենք Երուսաղէմի Սրբոց , Յակոբեանց Միաբանութեան մօտ պահպանուող դիւանաթուղթերու մէջ ատենին ,- մէկտեղուած՝ արեւմտահայոց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին հովանիով կազ -մուած Պոլսոյ Տեղեկատու Դիւանին ՊՏԴ կողմէ լոյս կը սփռեն ո՛չ միայն Չօպան () ,- -եանի տուեալ շրջանի գործունէութեան եւ կեցուածքներուն այլ նաեւ Հայ Ազգային , Պատուիրակութեան կազմութեան Պօղոս Նուպարի սկզբնական քայլերուն հայկա , , -կան պահանջներու մշակման եւ յարակից այլ հարցերու վրայ՝ որպէս արժէքաւոր սկզբնաղբիւր Անոնց կու գան միանալ Փարիզի Նուպարեան Մատենադարանին: (ՓՆՄ մէջ պահպանուող եւ այլուր գտնուող անտիպ վաւերագրեր ալ) : Նիւթին հետ իր անմիջական աղերսին համար յարմար դատած ենք նաեւ միջանկ -եալ ընդգրկել Պօղոս Նուպարի սերտ գործակից Պատուիրակութեան ընդհանուր , քարտուղար Հ Բ Ը Մ ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի ատենադպիր եւ ապա, . . . .- Միութեան երկարամեայ ընդհանուր տնօրէն իրաւաբան եւ գրող Վահան Մալէզեանի , (1871–1966) մէկ նամակը որ նոյն այդ աղերսին պատճառով պահպանուած է վաւե , -21 Դալլաքյան Կարլեն , Արշակ Չոպանյան , «Սովետական Գրող Երեւան », , 1987:22 Նոյն, 321–323:ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)| 23