Page 9 - Demo
P. 9
ՄՈՒՏՔ Այս հատորին մէջ մէկտեղուած երկու նիւթերն ունին զանոնք իրարու առնչող ընդհանուր յայտարար մը՝ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի նախօրեակին , 1912–1914 տարիներուն վերաբացուած Հայկական Բարենորոգումներու ծրագիրը, : Առաջինին նախօրինակը պատրաստուած էր Երեւանի մէջ 16 Սեպտեմբեր 2022- ին«Աղթամար եւ Ծաղիկ հանդէսներու կազմակերպութեամբ Արշակ Չօպանեանի» «» ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին համար նպատակ ունենալով նորա , -յայտ նիւթերու վրայ հիմնուելով ներկայացումը կարգ մը անծանօթ տեղեկութիւններու . իսկ երկրորդինը լոյս տեսած էր Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԸ համարին « » . մէջ, 2019- , ին դարձեալ նպատակադրելով ներկայացումը նորայայտ նիւթերու : Այս հրատարակութեան մէջ նորայայտ աղբիւրներով եւ անհրաժեշտ հպումներով ընդարձակած ենք զանոնք նոյնութեամբ պահպանելով յատուկ անուններու տարբե , -րակները Ուղիղ փակագիծերով պարփակուած ընդմիջարկութիւնները եթէ չեն աւար: , -տիր հեղինակային սկզբնատառերով կատարուած են մեր կողմէ , : * * * Օսմանեան կեղծ Սահմանադրութեան (1908) հռչակումէն եւ անոր վաղորդայնին գործադրուած Ատանայի կրկնակի կոտորածներէն Ապրիլ ( 1909) ետք օսմանեան, տիրապետութեան ներքեւ գտնուող երբեմնի հայապատկան եւ տակաւին հայահոծ շրջաններու մէջ հետզհետէ բազմացած ու սաստկացած էին հայոց դէմ կիրարկուող կեղեքումներն ու սպանութիւնները՝ ազգային պատասխանատու մարմինները դնելով անապահով կացութեան հիմնական լուծում գտնելու հրամայականին առջեւ : Լուծումներէն մին էր բնականաբար ինքնապաշտպանութեան միջոցներ գոյացնե , , -լը ուրիշ մըն էր՝ միջազգային վերարծարծումը Հայկական Հարցին. : 1878- ին Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագրերու բարենորոգչական սեղմ բանաձեւումներէն 17 տարիներ ետք սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ ի գահակալութեան , . շրջանին այդ հարցը անգամ մը եւս եւրոպական դիւանագիտութեան սեղանին դրուե, -լով, 1895- ին յանգեցուցած էր հռչակումին Մայիսեան Բարենորոգումներու ընդարձակ ծրագրին որ մնացած էր արիւնլուայ թուղթի կտոր, : 8 Հոկտեմբեր 1912- ին սկիզբ առած Պալքանեան Պատերազմը կրկին եւրոպական մեծ տէրութիւններու քննարկումին նիւթ դարձուցած էր Արեւելեան Հարցը Մօտալուտ : լուծման մը հաւանականութիւնը խանդավառած էր հայ անհատներ ու գործի մղած՝ 1 1 Օրինակ մելպուռնաբնակ Յարութիւն Կ Պալագեան իր, . , 26 Յունուար 1913 թուակիր ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)| 9