Page 138 - Demo
P. 138
Յաւելուած 2 [Անթուակիր Յունիս, 1913] Ամենապատիւ Յով Սրբազան Արքեպ Արշարունի. . Պատրիարք Թուրքիոյ եւայլն եւայլն եւայլն Ամենապատիւ Սրբազան Հայր Շնորհիւ ձեր Սրբազնութեան աղօթքին ուրբաթ առտու ամենայն հանգստութեամբ հասայ Բարիս եւ հետեւեալ օրը շաբաթ գացի տեսնել Բարիսի պատուիրակութեան , , պետ Պօղոս Նուպար բաշան : Նախ ըսեմ թէ բաշան ձեր Սրբազնութեան իմ Բարիս մեկնիլս ծանօթացնող նամակը չէ ընդունած Նոյն օրը երկարօրէն տեսակցեցանք բաշան մինչեւ վերջը պնդեց : . թէ պ Բաբազեանի հետ համաձայնութեամբ պատրաստած տրանզաքսիօնէլ . [= իրաւախոհական ծրագրէն ուրիշ ծրագիր ո՛չ կ՚ընդունի եւ ոչ ալ պետութեանց կը ներ] -կայացնէ վերջապէս որոշեցինք հետեւեալ առտու կիրակի կանչել պատուիրակու. , , -թեան անդամ Արթին Եակուպ բաշան եւ պ Մինաս Չերազ . 3: Այսօր Նուպար բաշա ի ներկայութեան վերոյիշեալ անձերուն կրկնեց ինչ որ ըսած էր երէկ թէ Պատրիարքարանը իրաւունք չունի Պոլսոյ մէջ բանակցութիւններ , կատարելու հետեւաբար իրաւունք չունէր Պօլսոյ ռուս դեսպանին ծրագիր տալու գոնէ, , առանց նախապէս պատուիրակութեան հետ համաձայնած ըլլալու թէ Պատրիարքա , -րանը մինչեւ հիմա սխալներ գործած է եւ իր բռնած ընթացքով մեծապէս վնասած է գործին թէ ինքն է միակ ներկայացուցիչը հայ ազգին ընտրուած Ամենայն Հայոց, Կաթողիկոսին կողմէ թէ Պատրիարքարանի կողմէ պատրաստուած ծրագիրը շատ մը , թերութիւններ ունի թէ ինքը Պատրիարքարանի եւ իր կողմէ պատրաստուած ծրա , -գիրներուն լաւ մասերն առնելով անթերի ծրագիր մը պատրաստած է տրանզաքսիօ ( -նէլը [= իրաւախոհականը որուն վրայ որ եւ է փոփոխութիւն չ՚ընդունիր թէ եթէ]) , Պատրիարքարանը չիւրացնէ իսկ այս վերջին ծրագիրը ինք իբրեւ ընդհանուր հայոց , ներկայացուցիչը պիտի ներկայացնէ զայն բոլոր պետութեանց եւ եթէ հարկ ըլլայ պիտի երթայ մինչեւ Բեթերսպուրկ եւայլն եւայլն : Ասկէ զատ Թայմզ լրագիրը իր Մայիս 12 թիւին մէջ եւ Թան լրագիրն իր վերջին թիւերէն մէկուն մէջ իրենց Պօլսոյ թղթակիցներուն մէկ մէկ հեռագիրը հրատարակած են որոնց մէջ կ՚ըսեն թէ Հայոց Պատրիարքարանը յայտարարած է որ Նուպար բաշա թրքահայոց ներկայացուցիչը չէ այլ Էջմիածնայ Կաթողիկոսին կողմէ ընտրուած 3 6 Մայիս 1913 թուակիրով մը՝ ուղղուած Գէորգ Ե ի Մինաս Չերազ հրաժարած էր Հայ . , Ազգային Պատուիրակութեան անդամակցութենէն՝ պատճառաբանելով անձնական տկա -րութիւն եւ ըսելով Պատուիրակութեան միւս չորս յարգելի անդամները լիովին կը բաւեն . « իրենց պաշտօնին համար քանի որ Պէրլինի Վեհաժողովին դիմող պատուիրակութիւնն , ալ չորս անդամէ կը բաղկանար Ան յոյս կը յայտնէր որ Ռուսիոյ խաչագլուխ սուրը գէթ »: « այս անգամ խզէ հայկական խնդրի Կորդեան Հանգոյցը ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ » (, ):138 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

