Page 142 - Demo
P. 142
կրցած բացատրել Հետեւաբար կը փութամ նախ յայտնել թէ հոս Պօղոս Բաշայի մօտ : տեղի ունեցած հաւաքման մէջ կարծեաց փոխանակութեամբ այն համոզումը գոյացաւ թէ առաջարկուած փոփոխութիւններով ծրագիրը աւելի օրինաւոր եւ օգտակար կրնայ ըլլալ եւ ատոնք իբրեւ թելադրանքներ միայն եղած են եւ երբէք պարտադրիչ. հանգամանք չունին հետեւաբար եթէ ձեր Սրբազնութիւնն ու վարչական ժողովներն , բանաւոր կը դատէք կ՚ընդունիք այդ փոփոխութիւնները թէ ոչ կը մերժէք եւ կամ միայն , անոնք կ՚ընդունիք զորս օգտակար կը համարէք : Իսկ գալով ձեր Սրբազնութեան երկու գլխաւոր կէտերու մասին պահանջած լուսաբանութեանց կը փութամ հետեւեալ բացատրութիւններն եւս տալ, . Առաջին կէտին այն է ընդհանուր կառավարչին խնդրոյն համար լաւագոյն , համարուեցաւ ծրագրին մէջ ըսել միայն ընդհանուր կառավարիչ մը առանց անոր « » եւրոպացի կամ օսմանցի ըլլալու պայմանը ճշտելու որովհետեւ ծրագիրը մեծ պետու , -թիւններէն ընդունուելէ վերջը պէտք է նաեւ ինչպէս գիտէք օսմանեան կառավարու , , -թեան հաւանութիւնը հետեւաբար այս վերջինը չխրտչեցնելու համար կառավարչին , հպատակութեան խնդիրը անորոշ ձգել առաջարկուեցաւ բայց պատեհ ժամանակին , կառավարիչը եւրոպացի ընտրել տալու աշխատելու պայմանաւ : Երկրորդ կէտին այն է Համիտիյէ զօրագունդերուն խնդրոյն գալով երբէք փափաք , , չյայտնուեցաւ անոնք արդի վիճակի մէջ պահել այլ այնպէս կարծուեցաւ թէ ծրագրին . մէջ գործածուած ջնջել բառը կրնայ խրտչեցնել օսմ կառավարութիւնը եւ մանաւանդ . քիւրտերը եւ այս պատճառաւ դժուարութեանց հանդիպիլ մինչդեռ բարեկարգել աւելի . մեղմ է եւ ոսկեզօծեալ արդէն Համիտիյէ զօրագունդերն իսկապէս բարեկարգել . պարզապէս զանոնք կանոնաւոր բանակին մէջ ձուլել կը նշանակէ : Մնամ ձեր Բարձր Սրբազնութեան որդիական յարգանօք Լեւոն Տէմիրճիպաշեան ՊՏԴ տուփ, 11, թղթապանակ MD330, 325– 326ՇՇ 142 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)

