Page 140 - Demo
P. 140


                                    [20 Յունիս 1913-  ին ստացուած անթուակիր, ] Ամենապատիւ Յովհաննէս Սրբազան Արքեպ Արշարունի  .  Պատրիարք Թուրքիոյ  Նախագահ Ազգ Կեդր Վարչութեան . .   Ամենապատիւ Սրբազան Հայր  , Ամէն բանէ առաջ կը փութամ ձեր Սրբազնութեան յայտնել թէ ամբողջ շաբթուան             մը ջանքերէ եւ աշխատութենէ ետքը կարելի եղաւ վերջապէս ծանօթ ծրագրին մասին            համաձայնութիւն ձեռք բերել  : Այսօր նորէն հաւաքուեցանք Պօղոս Բաշա Նուպարի տունը բացի Բաշայէն եւ      .     ինձմէ ներկայ էին նաեւ Եագուպ Արթին Բաշա Գէորգ էֆ Ասլանեան եւ ծանօթ քաղա      ,   .       -քագէտ մը  : Յետ երկար խորհրդակցութեան որոշուեցաւ թէ     1°Բարիզի պատուիրակութիւնը  մէկ կողմ ձգէ իր պատրաստած տրանզաքսիօնէլ ծրագիրը եւ ընդունի նոյնութեամբ            պատրիարքարանի պատրաստած եւ ռուս կառավարութեան մատուցած ծրագիրը       . պատրիարքարանը պարտի ծրագրի մասին իր բանակցութիւնները շարունակել Պօլսոյ         ռուս դեսպանատան հետ եւ այս վերջնոյն միջոցաւ ռուս կառավարութեան դիտողու           -թիւնները լսելէ վերջը ըստ այդ դիտողութեանց եւ պատուիրակութեան հետ համա  ,          -խորհուրդ ընել փոփոխութիւնները եւ այսպէս պատրաստելով վերջնական ծրագիրը         խրկել պատուիրակութեան որ պիտի ներկայացնէ եւրոպական պետութեանց իբրեւ ,        հայոց բաղձանքները ներկայացնող միակ ծրագիրը Միայն թէ պատրիարքարանին    :    պատրաստած ծրագիրը այսօրուան հաւաքման մէջ յօդուած առ յօդուած նորէն         կարդացուեցաւ եւ ուսումնասիրութեան առարկայ եղաւ ծրագրին ձեւը եւ ոգին    .    , յօդուածներուն թիւն ու կարգը առանց փոխելու մէկ քանի յօդուածներու մէջ պզտիկ            բայց բանաւոր փոփոխութիւններ մտցնելու պէտքն զգալի եղաւ երբ Պօլսոյ ռուս      .    դեսպանատունը իր կառավարութեան դիտողութիւնները ներկայացնէ պատրիարքա       -րանին նոյն միջոցին այս վերջինը պարտի ամենայն փափկ անկատ ութեամբ ի վեր,       []    հանել այս փոփոխութեանց պէտքը եւ աշխատիլ զանոնք դեսպանատան ընդունիլ          տալու եւ այնպէս պատրաստել վերջնական ծրագիրը այս փոփոխութիւնները այնպիսի      .    փոփոխութիւններ են որ ապահով եմ թէ ըլլայ պատրիարքարանը ըլլայ դեսպանա          -տունը սիրով պիտի ընդունին թէ որ յօդուածներն են որ փոփոխութեան կարօտ են թէ   .             ,   ինչ տեսակ փոփոխութիւններ ընելու տեղի կայ եւ թէ ինչ է այդ փոփոխութեանց պատ                 -ճառը ասոնք մանրամասնաբար յառաջիկայ նամակաւս պիտի գրեմ ձեր Սրբազնու,         -թեան: Նուպար Բաշա բոլոր այս կարգադրութիւնները ընդունելու համար պայման կը դնէ           թէ պատրիարքարանը վերջերս եւրոպական թերթերու մէջ տեսնուած եւ իբր թէ          պատրիարքարանէ բղխած սուտ ու սխալ լուրերը հերքելու համար իրեն նամակ մը            գրելով ըսէ թէ իր նախագահութեան տակ գտնուած պատուիրակութիւնը կը ներկա            -յացնէ նաեւ Թուրքիոյ հայերը թէ ապագային նոր անհամաձայնութեանց տեղի չտալու   .        համար պատրիարքարանը յանձն կ՚առնէ ասկէ ետքը դեսպանատանց հետ ունեցած         140 |ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)
                                
   134   135   136   137   138   139   140   141   142   143   144