Page 149 - Demo
P. 149
Յաւելուած 5 Հայկական Բարենորոգումներու պահանջները քննելու համար կազմուած թարգմաններու յանձնաժողովին արձանագրութեանց ամփոփումը 7 ––––– Յանձնաժողովը գումարուեցաւ աւստր հունգարական պատուիրակին .- նախագահութեան տակ Առաջին նիստ [20 Յունիս/]3 Յուլիս 1913 8––––– Ներկայ են Գերմանիոյ կողմէ Պար Շէօնպէրկ. [Schönberg] Աւստր Հունգարիոյ կողմէ.- Պար Բանֆիլի. [Panfili] Ֆրանսայի կողմէ Պար Տը Սէն Քանտէն. [Saint-Quentin] Իտալիոյ կողմէ Պար Շապէռ. [Schaber] Ռուսիոյ կողմէ Պար Մանտէլշթամ. [Mandelstam] Անգլիոյ կողմէ Պար Ֆից Մօրիս. - [Ftizmaurice] Գերմանիոյ Աւստրիոյ եւ Իտալիոյ պատուիրակները կը յայտարարեն թէ Բարձր, Դռան 1 Յուլիս 1913 թուակիր՝ Փոքր Ասիոյ վիլայէթներուն վարչական դրութեան բարենորոգման վերաբերեալ շրջաբերականը նոր իրողութիւն մը ըլլալով՝ պէտք է նկատողութեան առնել՝ բարենորոգումներու քննութիւնը թրքական առաջարկութեանց հիման վրայ կատարելու համար 9: 7 Արձանագրութիւններու կամ ատենագրութիւններու ընդարձակ տարբերակին համար տեսնել՝ Աւագեան Ս ., 121–188:8 Թարգմաններու Յանձնաժողովի գումարումէն տաս օր առաջ , 10 Յունիսին Իտալիոյ, արտաքին գործերու նախարարն իր Պոլսոյ դեսպանին յայտնած էր թէ Վանկենհայմին յանձնարարուած է կազմակերպել Երրեակ Զինակցութեան դեսպաններու հաւաք մը , որուն գաղտնաբար պիտի մասնակցի Թուրքիոյ վարչապետը Բալոյան (, 37):9 Տիրան Քելեկեան Նուպարի պիտի հաղորդէր թէ Թարգմաններու Ժողովին առիթով ռուսական ծրագիրը մէկդի ձգելով թրքական ծրագրին քննութիւնը հիմ բռնել տալու համար գերման դեսպանը՝ Վանկենհայմ դիմած է խարդաւանքի պնդելով թէ Նուպար համաձայն , , է թրքական ծրագրին՝ բացի հակակշռի կէտէն Դեսպանը իր ընթացքը հիմնաւորած էր : 20 Յունիսին L’Homme Libre թերթին մէջ Նուպարի ստորագրութեամբ հրատարակուած նամակով մը Քելեկեանի տեղեկութիւնը դրդած է որ Նուպար գրէ նոր նամակ մը՝ լոյս : տեսած նոյն թերթին 21 Յուլիսի համարով ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ Տեսնել նաեւ Յաւելուած (, ): 13 Գ Յիշեալ օրաթերթին հիմնադիրն էր Նուպարի բարեկամ Ժորժ Քլեմանսօ.: (Georges Clemenceau), որ մինչ այդ վարած էր նախարարի եւ վարչապետի պաշտօններ եւ հետա -գային ալ պիտի պաշտօնավարէր նման դերերով Եւ մտածել թէ թրքական ծրագրին եւ : ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 149

