Page 231 - Demo
P. 231


                                    Բ Դռան վրայ ճնշում գործադրելու միջոցներ որոնց մասին պիտի խորհին իրենք.     ,     : Դեսպանը պատասխանած էր նաեւ մեր մէկ քանի հարցումներուն        .- ա Այս օրերս Ֆրանսան քիչ մը աւելի սերտ վերաբերում մը ունի Հայոց հանդէպ.-              , թերեւս անոր համար որ թիւրքերը Գերմանական Զինուորական    ,    mission-  [= ինառաքելութեան առթիւ շատ մօտեցած են վերջնին միշտ ասանկ է եղած]      .     ... : 33բ Բետերսբուրկի դահլիճը միշտ ջերմութեամբ փարած է հայկական հարցին եւ կը.              յուսայ թէ լուծման մը յանգիլ պիտի յաջողի        : գ Կողմնակի լուր մը առած էինք թիւրքերը ըսած էին թէ դեսպանները կը.-      (  )    պահանջեն որ  conseiller-ներու ամսականները իրենց կողմէ տրուին Այս մասին եւս    :    հարցուցած էինք դեսպանին որ կը պատասխանէր թէ՝ այս մասին իրենց մէջ խօսք  ,           եղած չէ ցարդ հարկաւ   .  conseiller-ները եւրոպական պետութեանց ներկայացուցիչները    պիտի ըլլան իրօք պետութիւնները անոնց միջոցով թէ բարենորոգմանց իրագործման  .        պիտի աշխատին եւ թէ պիտի հսկեն ասիկա ստոյգ է բայց թոշակի որու կողմէ     -    .     վճարուիլը դեռ  envisager եղած չէ   [=   չէ պատկերացուած եթէ թոշակը թիւրքերու կողմէ].     իսկ վճարուի ասիկա անոնց իրական հանգամանքը չպիտի փոխէ ,      : ––––– Նոյ. 27  ին արտակարգ Ապահով Յանձնաժողովներու միացեալ նիստով որոշուե .      -ցաւ խուսափիլ բանակցութեան մտնելէ եւ նոյն օրուան նախարարական նիստէն առաջ           (  որ Հայկ հարցով պիտի զբաղէր հաղորդել անոնց մեր պատասխանը.   )    : Ս Պատրիարքը պիտի պատասխանէր համաձայն հետեւեալ ֆօրմիւլին.      . [արաբատառ օսմաներէն բնագիր  ] «Ձեր Վսեմութիւնը բարեհաճեր էր Պատրիարքարանի կարծիքը ուզելու Արեւելեան         Նահանգներուն մէջ ներմուծուելիք բարենորոգմանց մասին աւելցուցած էր նաեւ թէ օսմ    .       . կառավարութիւնը անհրաժեշտ ամէն միջոց ձեռք պիտի առնէ իր հայ հպատակներուն          վիճակը բարելաւելու համար  : «Բոլոր Հայոց կողմէ Արեւելեան Նահանգներուն մէջ րէֆօրմներու հաստատման        համար եղած խնդրանքին վրայ Էջմիածնայ Կաթողիկոսը Գերագոյն Հոգեւոր Պետ   ,  ,    Ամենայն Հայոց անուանած է յատուկ պատուիրակութիւն մը որ տեղական պայմաններու ,       ,     պահանջներուն համապատասխանող ծրագիր մը պատրաստած եւ անոր գործադրութիւնը          33 Հակառակ պոլսահայ մամուլին մէջ առօրեայ լրատուութեան նիւթ մը դարձած ըլլալուն          , մեր տրամադրութեան ներքեւ գտնուած վաւերաթուղթերուն մէջ սակաւաթիւ են ակնար           -կութիւնները նոյն այդ օրերուն Լիման վոն կամ ֆոն Սանտերսի գլխաւորած գերմանա      ( )    -կան զինուորական առաքելութեան պատճառով ստեղծուած ռուս գերման թուրք լարուա     --   -ծութեան եւ անոր ունեցած անմիջական ազդեցութեան մասին ինչ կը վերաբերի բարենո       ,       -րոգումներու հարցով թրքական աւելի կարծր կեցուածքին եւ համաձայնութեան մը         յանգելու համար ցոյց տրուող շտապողականութեան Վիլհելմ Բ կայսրը առաքելութեան    :   .    հրաժեշտ տուած օրը իր սպաներուն թելադրած էր ստեղծել իր հրամաններուն հնազանդող              նոր հզօր բանակ մը նպատակ ունենալով անոնց միջոցով գերմանականացնել թրքական    ,       բանակն ու զայն առնել գերմանական հակակշռի տակ        (Fiona K. Tomaszewski, A Great Russia: Russia and the Triple Entente, 1905 to 1914, հրտ. Praeger, Ուեսթփորթ Քընեքթիքըթ (), 2002, 82):ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ    (1912-1914)| 231
                                
   225   226   227   228   229   230   231   232   233   234   235