Page 235 - Demo
P. 235
տարածէ միւս վիլայէթներուն մէջ Գալով բարենորոգումներու ծրագրին չեմ գիտեր թէ : , ճի՞շտ են ստացած տեղեկութիւններս եւ թէ նոր տեղեկութիւն մը չկա՞յ ինծի հասած , վերջին նամակներէն ասդին բայց կը թուի թէ Մեծ Եպարգոսը դեսպաններու վեց . -, կէտերու ծրագիրը մերժելէ վերջ առաջարկած է հաստատել Օսմանցի ընդհանուր , քննիչներ Եւրոպացի խորհրդականներով ըսելով որ այս վերջինները պիտի ընեն ամէն, , բան բայց անոնց վրայ Օսմանցի ընդհանուր քննիչներու ներկայութիւնը պիտի փրկէ, Բ Դրան արժանապատուութիւնը Արդ գրաւոր հակածրագրին մէջ զոր յանձնած է Պ. : , . տը Կիրսի այս տեսակ բան չկայ խորհրդականները ո՛չ մէկ իշխանութիւն ունին Կը , . : խորհիմ թէ Սաիտ փաշա Եւրոպացի խորհրդականներու այս մտածումը ունեցած է , աչքի առջեւ ունենալով Եգիպտոսի օրինակը ուր անոնք յաջողապէս կրցած են պաշտօնավարել ուր իւրաքանչիւր նախարարի կողքին ունինք խորհրդական մը որ, ամենայն ինչ է եւ համոզուած եմ թէ անկեղծ է երբ կ՚ըսէ թէ միեւնոյն կերպով կը խորհի . , թէ խորհրդականները ամենայն ինչ պիտի կրնան ըլլալ Հայաստանի մէջ բայց երկու . պարագաներուն միջեւ պզտիկ տարբերութիւն մը կայ այսինքն թէ Եգիպտոսի մէջ . բոլոր խորհրդականները Անգլիացի են ունին ամենատարածուն գործադիր իշխա , -նութիւն եւ թէ հոն միակ տէրութիւն մը կայ որ կը կառավարէ Անգլիան Խորհրդակա , : -նին ետին Լորտ Քրոմըրը կայ կամ Լորտ Քիչնէրը , 38, այնպէս որ անկարելի է խորհրդականներու կողմէ տրուած հրաման մը չգործադրել Հայաստանի մէջ ո՛չ միայն : , խորհրդականներու իրաւունքները լաւ որոշուած չեն բայց նաեւ իրենց որոշմանց , գործադրութիւնը բնաւ երաշխաւորուած չպիտի ըլլայ նկատելով որ իրենց ետին ո՛չ թէ , մէկ այլ վեց տէրութիւններ կան որոնց միջեւ կարելի չէ յուսալ թէ կրնայ գոյութիւն, , ունենալ մշտական համաձայնութիւն մը 39: Խորհրդականները հաստատելու կարգա -դրութիւնը ըստ իս այն ատեն միայն ընդունելի պիտի ըլլար եթէ կարելի ըլլար գտնել, , , ֆորմիւլ մը որուն համաձայն՝ խորհրդականները արտաքուստ ընդհանուր քննիչներու , ստորադասեալները երեւալով հանդերձ իրականութեան մէջ գործադիր իշխանութիւն , ունենային Եթէ Բ Դուռը ճարտար խմբագրութեամբ մը որ իր դիւրազգածութիւնները: . , փրկէր ուզէր ասիկա ընել ես առաջինը պիտի ըլլայի խորհրդականներու դրութիւնը, , ընդունող պայմանաւ անշուշտ որ պահուէին դեսպաններու ծրագրին միւս վեց, կէտերը ինչպէս՝ Հայոց ներկայացուցչական իրաւունքը կէս առ կէս ի հակակշիռը,- [ ], , եւայլն: ՆԱԽԱՐԱՐԸ Տարակոյս չկայ որ Հայաստանի մէջ կարգուելիք խորհրդական.- -ներուն պարագան նոյնը չպիտի ըլլայ ինչպէս որ է Եգիպտոսի Անգլիացի խորհրդա , -38 Լորտ Cromer (Evelyn Baring) պաշտօնավարած էր նա՛խ որպէս Եգիպտոսի ընդհանուր վերահսկիչ շուրջ տարի մը ապա՝ պաշտօնի անուանափոխութեամբ՝ ընդհանուր հիւպա , -տոս 1883–1907 տարիներուն իսկ Լորտ Քիչնըր, (Herbert Kitchener) ընդհանուր հիւպատոս նշանակուած էր 1911- : ին Նուպար որոշապէս ըսել կ՚ուզէր թէ Եգիպտոսի գաղութատէր Բրիտանիան իր բովանդակ կարողութեամբ կրնար բարենորոգումները պարտադրել անինքնավար Եգիպտոսի : 39 Յաւելեալ լուսաբանութեան համար տեսնել ատենագրութիւններու բաժնին թիւ 79 ծանօ -թագրութիւնը՝ խորհրդականներու իրաւասութեան վերաբերող նիւթին հետ իր անմիջա -կան աղերսին համար :ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՆԻՒԹԵՐ (1912-1914)| 235

