Page 45 - Demo
P. 45
որոնք քրիստոնեայ կառավարչին տեղ իսլամ մը դրին Այդ միջազգային համաձայ : -նութեան վրայ հիմնուելով կրնայինք պահանջել որ այսուհետեւ Զէյթունի կառավարիչը , միշտ քրիստոնեայ մը ըլլայ նկատելով որ այն ատենէն ի վեր Կիլիկիոյ մէջ կացութիւնը . փոխուած է եւ դէպի գէշը թէ զարհուրելի կոտորածներ տեղի ունեցած են Ատանայի , , վիլայէթին մէջ կրնայինք պահանջել որ այդ կառավարչին անուանումը տեղի ունենայ , պետութեանց հաւանութեամբ եւ կառավարիչը իրաւասու ըլլայ տէրութեանց անունով , , հսկելու բարենորոգումներու գործադրութեան վրայ բովանդակ Կիլիկիոյ մէջ Այս , : կառավարիչը իրեն օժանդակ պիտի ունենայ եւրոպացիներ որոնց պաշտօնը պիտի , ըլլայ կազմակերպել ոստիկան զինուորութիւնը արդարութիւնը ելեւմուտքը եւայլն -, , , : Կառավարիչը կարեւոր պարագաներու մէջ խորհուրդ պիտի հարցնէ հայկական վեց, , վիլայէթներուն գլուխը գտնուող Բարձր Քօմիսէրին -: Երախտապարտ պիտի մնամ Ձեր Վսեմութեան եթէ բարեհաճի այս առաջար -կութիւնս ներկայացնել Պատուիրակութեան եւ ընդունիլ իմ յարգալիր զգացումներուս , հաւաստիքը: (Ստ Ա Չօպանեան.) . (Բնագիրը ֆրանսերէն ) ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)| 45

