Page 47 - Demo
P. 47


                                        Բացի այն պատմական թերեւս աւելի լաւ պիտի ըլլայ ըսել՝   (      աշխարհագրական) սխալէն զոր գործեցինք ազգովին    1878    ին եւ զոր նոյնութեամբ կը կրկնենք այսօր     ... ներկայիս գործելու վրայ ենք ուրիշ սխալ      մըն ալ որ կը կայանայ մեր միամիտ ու հեղգ լաւատեսութեանը մէջ որով՝  ,              ձեռնածալ նստած՝ յուսալից կը սպասենք մեր ազգային դատին մօտալուտ          նպաստաւոր կարգադրութեանը : ... Մենք կը սպասենք որ բաղդին մէկ ծիծաղովը ուրիշներուն        ,  մարդասիրական մէկ ժէսթովը կամ ուրիշներու հակընդդէմ շահերուն մէկ        բարեպատեհ բաղխումին ճակատագրական արգասիքովը օրին մէկը պիտի   ,    ազատագրուինք: ... Արդարեւ քանինե՞ր կան մեր մէջ որոնք զգացած ըլլան Հայրենիքի,         համար երկարաշունչ աշխատութեանց յարատեւ ու յամառ ջանքերու եւ  ,        մանաւանդ խնամքով ծրագրուած նպատակայարմար գործելակերպի մը       պէտքը: Մեր իբրեւ թէ ազգովին ծրագրուած բարենորոգմանց պահանջներն իսկ        , զորս մեր ազգային պաշտօնական մարմինները եւ հեղինակաւոր        անձնաւորութիւնները ներկայացուցած են աշխարհի բաղդը      տնօրինողներուն նկատառութեանը , ...  ոչ մէկ կերպով կարելի է երաշխաւորել      թէ իրապէս կը ներկայացնեն ազգին շահերուն թելադրած բուն պահանջները         : ... Քսան տարիէ ի վեր ամբողջ Հայութիւնը մշտատեւ կոտորածի         մղձաւանջը կ՚ապրի մեր Թուրքիաբնակ ժողովուրդը կարծես հրավառ .      նիւթերով լեցուն տակառի մը վրայ նստած է հրաբուխի մը վրայ՝ որ մէկ        ,        վայրկեանէն միւսը կը սպառնայ պայթիլ Ի՞նչ ըրինք կամ ի՞նչ կ՚ընենք այս     :       ահաւոր պատահականութեանց դիմագրաւելու վիճակին մէջ դնելու համար       մեր հարազատ ժողովուրդը Ոչի՛նչ բայց դարձեալ ոգեւորուած ենք ու կը  : ,    ,     յուսանք: ... Վերահաս փոթորիկներուն հանդէպ բոլորովին անպատրաստ՝ մեր այս       ողորմելի ժողովուրդը կը յուսայ սակայն որ իր ազգային գոյութեան խարխուլ             լաստափայտը անսայթաք եւ անվտանգ պիտի կրնայ առաջնորդել եւ          խարսխել փրկութեան նաւահանգիստը  : 1878  ը մեզ անգիտակից եւ անպատրաստ գտաւ     ...: Կէս դարու  յեղափոխականութենէ մը վերջը Պալքանեան պատերազմը մեզ դարձեալ   ,     անպատրաստ գտաւ ...: ... Կ՚ուզե՞նք ինքզինքնիս չխաբել պէ՛տք է թօթափենք այս անծայրածիր  ,-       լաւատեսութիւնը որ բնաւ չ՚արդարանար մանաւանդ ցորչափ մեր դատին,    ,     լուծումը տարամերժօրէն ուրիշներէ՛ն արտաքին ազդակներէ կը սպասենք  ,     : Ուրիշ ազգեր իրենց ազատագրութիւնը պարտադրեցի՛ն եւ ո՛չ թէ խնդրեցին           . ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ    (1912-1913)| 47
                                
   41   42   43   44   45   46   47   48   49   50   51