Page 58 - Demo
P. 58
կ՚արձագանգեն մենք կը խմենք տակաւին ա՛յն ջուրը եւ կը շնչենք ա՛յն օդը, , որոնք բիւրաւոր մարտիրոսաց արեամբ ներկուած եւ արեան ջերմաջերմ բու -րումներով լեցուած են Պէտք ունի Կիլիկիան երկար տարիներու անդորրու : -թեան որ կարողանայ եթէ ո՛չ լաւագոյն գոնէ նախկին վիճակը ձեռք բերելու եւ, , արհաւիրքի մղձաւանջէն չչարչրկուող սերունդներ կազմելու : Մենք եւ մեզի հետ բովանդակ ժողովուրդը որ աննշան պատահարներէ, , , նոյն իսկ ծառերու սօսափիւնէն խուճապի կը մատնուի եւ հազիւ ի նորոյ կազ , -մած օճախն ու բոյնը լքելով դէպի ծովեզերք կը դիմէ իբրեւ անքոյթ ապաս , -տանարան չենք կարող համամիտ եւ համակիր գտնուիլ որեւէ ձախող մտքի, եւ յանդուգն քայլի դատապարտելով իբրեւ անձնասպանութիւն , : Չեմք հաւատար որ Ձեր Բարձրութիւնը իր փորձառութեամբ եւ իմաստուն , խոհականութեամբ նոր սպանդներու մէջ տեսնէ Ազգին փրկութիւնը եւ չեմք . հաւատար որ Եգիպտոսի մէջ կազմուած ծրագիրներուն գիտակ ըլլայ Ձեր Բարձրութիւնը: Ազգասէր Տէ՛ր , Չցամքած աչքերնիս ի նորոյ աղբիւրացնելու վտանգներ կը նշմարենք , արիւնաներկ Կիլիկիայի ողջակիզման համար նոր սեղաններու պատրաստու -թիւններ կը կանխագուշակենք թո՛ղ խնայուի այդ խաչը որ իսպառսպ ուռ . , [] կորսուելու եւ անէանալու խաչն է Կ՚աղաչենք յանուն բիւրաւորներու հաճեցէք : , Ձեր բովանդակ հեղինակութեամբ կասեցնել վերահաս փորձութեան հոսանքը , որ Հայկական արդար դատին եւ Ձեր ստանձնած սուրբ պարտաւորութեան կը սպառնայ... : 9 Կ՚անցնինք քննութեանը ուշադրութեան կարօտ կէտերու՝ վերի մէջբերումները նկատելով նախամուտ մը որ իր ընդհանուր գիծերով կը բնութագրէ Ամենայն Հայոց , եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւններուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան Հայ , , Ազգային Պատուիրակութեան եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու գերագոյն մարմիններուն՝ բանակցութիւններու ճամբով բարենորոգում ապահովելու համար տուեալ շրջանին ապստամբական նախաձեռնութիւններ խափանելու ընդհանուր տրամադրութիւնը: Այդ ընդհանուր տրամադրութիւնը կրնար առաւելաբար ձեւաւորուած ըլլալ բարե -նորոգումներու հարցին նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցոյց տուող տէրութիւններու կողմէ տրուած խորհուրդներով բայց նաեւ մասամբ հետեւանքն ըլլալ այն լուրջ , մտավախութեան թէ ապստամբական խռովարարական որեւէ փորձ օսմանեան, , կեդրոնական թէ տեղական իշխանութիւններուն կողմէ կրնար օգտագործուիլ որպէս Կիլիկիոյ հայերը կոտորելու պատրուակ ինչպէս ցայտուն կերպով երեւան կը բերէին , իրողութիւններ ու վկայութիւններ 10: 9 ՓՆՄ ԶՆՀՀՄ, :10 Տեսնել օրինակի համար Բիւզանդ Եղիայեանի աշխատասիրած, , Ատանայի Հայոց Պատ -մութիւն ծաւալուն աշխատութեան Կիլիկիոյ Աղէտը « – 1909» խորագրեալ Ը գլուխը Հրա . ( -58 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)

