Page 62 - Demo
P. 62
Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին յաջորդող չորս տարուան ընթացքին Հայ Ազգին կրած խոշոր յուսախաբութիւնը ամբողջ երկրին մէջ ու մանաւանդ կիլիկեան ջարդերով միացած Պալքանեան պատերազմով ստեղ , -ծուած նոր կացութեան հետ Հայ ժողովուրդը անգամ մըն ալ կը դնեն բացառիկ , կացութեան մը մէջ ուրիշ խօսքով՝ անգամ մըն ալ երեւան կը բերեն Հայկական , Հարցը իր ամբողջութեամբ եւ իր բոլոր ստիպողականութեամբ : Այս հարցը Երկու հանգամանքով կը ներկայանայ որոնց առաջինը կը , կազմեն դիւանագիտական ճամբով բարեկարգութեանց գործադրութեան հասնելու ձեռնարկները եւ երկրորդը՝ ու աւելի կենսականը՝ անձնապաշտպա -նութեան միջոցներու հայթայթումը երկրին մէջ որպէսզի Հայը ի վիճակի ըլլայ , իր կենաց ընչից եւ պատւոյն պաշտպանութիւնը ապահովել իր իսկ ձեռքով , : Ուրախ ենք որ դիւանագիտական աշխատութեանց խնդիրը ընդհանուր Ազգին կողմէ համերաշխաբար յառաջ կը տարուի։ Նկատելով սակայն որ անձնապաշտպանութեան գործը հակառակ մարդ , -կայնապէս ամենաօրինական գործը ըլլալուն կարելի չէ զայն ստանձնուած , տեսնել պաշտօնական մարմիններու կողմէ այդ պաշտօնական շրջանակէ . դուրս ձգուած թերին լրացնելու համար է որ կազմուած Ազգային Ինքնա « -պաշտպանութեան Քոմիթէն որ նպատակ ունի այս միեւնոյն ճամբուն մէջ » անցեալին գործուած սխալները աչքի առջեւ ունենալով իր լաւագոյնը ընել՝ կուսակցական նեղմիտ մտածումներէն բարձր գետնի մը վրայ ամէն խաւերու համերաշխութեան ստեղծումով մը՝ իրականացնելու ազգային ինքնապաշտ -պանութեան գործը եւ կարելի միջոցներով ոչ միայն դիմագրաւելու ոեւէ դժնդակ պատահականութիւններու այլ եւ նոյնիսկ աշխատիլ ձեռք բերելու , ինքնավարութիւն մը – եթէ կարելի ըլլայ ― իսկ առնուազն՝ Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ իրական ու տեւական բարենորոգումներ գործադրել տալու Եւրոպական Մեծ Պետութեանց կամ անոնցմէ մէկուն հակակշռին տակ։ Այս պայմաններով ըմբռնուած անձնապաշտպանութեան գործը այս պահուս ամենաանհրաժեշտն է Թուրքիոյ պէս վարչական եւ զինուորական փտութիւններով շաղախուած եւ թալանի ու ջարդի մոլեռանդ բնազդներով տոգորուած գերութեան մը մէջ : Երկրի Հայութեան կացութիւնը այսօր աւելի քան երբեք տագնապալի է : Կոտորածի մշտական երկիւղը պատերազմի գացող զինուորներու անընդհատ , անցքը վաղը՝ պարտեալ սովալլուկ եւ վրէժխնդրութեամբ ուռած զինուորներու, , վերադարձին անբաժան՝ անխուսափելի աւարառութիւնները եւ վայրագու -թիւնները Ռումէլիի իսլամ գաղթականներուն Հայաբնակ Նահանգները, զետեղուելուն ամենավտանգաւոր պարագան միացած՝ արդէն իսկ գոյութիւն , ունեցող օրըստօրէական թուրքական եւ քուրտական խժդժութիւններուն եւ ասպատակութիւններուն եւ այն քինախնդիր ոգիին որ այս պահուս աւելի կը , շեշտուի Բարենորոգմանց խնդրոյն մէջ Հայերուն կողմէն Եւրոպական քոնթրօլ պահանջելու պարագային երկրին Հայ բնակչութիւնը ծայրայեղ մտահոգու , -թեան եւ մղձաւանջի մատնած են : 62 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)

