Page 66 - Demo
P. 66


                                    Մեր կատարած քննութիւնները մեզի այն եզրակացութեան կը բերեն թէ          երկրին Հայ բնակչութիւնը իր նիւթական միջոցներուն ներածին չափ զոհողու          -թիւններ ըրած է զինուելու համար հաւանական վտանգին առջեւ Բայց        :  տրուած ըլլալով երկրին տնտեսական կեանքին փճացումը ջարդերով թալանով      ,  եւ անգործութեամբ Արտասահմանի Հայութեան վրայ կը ծանրանայ պարտքը ,        ազգային ինքնապաշտպանութեան տեսակէտով տեսնուած թերին լրացնելու     : Հո՛ս է որ Ազգ Պաշտպանութեան մեր Քոմիթէն ձեռնարկած է այդ կենսական     .         պակասը լրացնելու հոգը ստանձնել մէկ կողմէն համագործակցութեան եւ   ,      գաղափարակցութեան կապեր շինելով զանազան կուսակցութիւններու միջեւ      եւ միւս կողմէն կոչում ընելով Հայ ժողովուրդին ամէն դասակարգերուն ազգա           -յին զգացումներուն եւ զոհողութեան ոգիին զանոնք նկատելով ամենէն կենսա     ,      -կան ոյժը ինքնապաշտպանութեան ճամբուն մէջ Մէկ կողմէն դիւանագիտա    :     -կան յարաբերութեանց ոյժ տալու ազգային համագործակցութեան շաւղին մէջ        ծառայութեան մեր բաժինը ի սպաս դրած ժամանակնիս միւս կողմէն խաղաղ       ,    եւ լռին միջոցներով հանգանակութիւնները շարունակելու անհրաժեշտ պէտքը       կը զգանք մեր յոյսը դրած մի միայն Հայ ժողովուրդին վրայ ,         : Աւելորդ չենք համարեր անգամ մըն ալ շեշտել որ Հայ ժողովուրդը ինքնա             -պաշտպանութեան վիճակի մէջ դնելու հարցը անյետաձգելի ստիպողականու       -թիւն ունի այժմ եւ թէ այս ուղղութեամբ լուրջ եւ ընդարձակ գործունէութեան              պէտք է ձեռնարկուի անմիջապէս ո՛եւէ պատահականութեան հանդէպ պատ    ,      -րաստ գտնուելու համար մանաւանդ երբ բացայայտ կը տեսնենք թէ Թուրքիոյ  ,          միջավայրը աւելի քան երբեք պաշարուած է նորանոր ծանր բարդութիւններու          ներքին եւ արտաքին վտանգներով եւ սպառնալիքներով որոնց ամենուն        հակահարուածը կրելու դատապարտուած է անխուսափելիօրէն Հայաստանի       եւ Կիլիկիոյ Հայ բնակչութիւնը   : Մեր հայեացքները եւ մեր նպատակը ըստ վերնոյն պարզելէ վերջ կը մնայ         ,    մեզ ըսել թէ Ազգային Պաշտպանութեան Գոմիթէն պատասխանատուութիւն       կ՚ստանձնէ իր բոլոր գործառնութեանց հաշիւը ներկայացնելու Հայ ժողովուր         -դին պատեհ ժամանակի մը մէջ     :  ԱՊԱՀ ԱՏՈՄ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ Մ ՏԱՄԱՏԵԱՆ,  ,  . Աղեքս անդրիա[] 1/14 Յունվար 1913  Ցորչափ Ամերիկա ուղարկուած Յայտագիր ին բնօրինակը կը մնայ անյայտ   «»     , թոյլատրելի է ենթադրել թէ վերը ներկայացուած յայտագիրը կրնայ տարբեր ըլլալ կամ             չըլլալ գաղտնի յայտարարութենէն կամ տարբեր ըլլալով հանդերձ՝ անկէ հատուածներ  ,       ընդգրկած բառացիօրէն Անառարկելին այն է թէ մեր հրատարակութեան յանձնած :    ,     բնագիրը ստորագրուած է    14 Յունուար 1913- : ինՆշելի է թէ Սերոբեան որ     ,   28 Յունուար 1913-  ին պիտի հեռանար Աղեքսանդրիայէն  , իր Ինքնակենսագրութեան մէջ ինչպէս պիտի տեսնենք աւելի ուշ ունի տողեր ուր  ,-     ,-  ,  կ՚ըսէ թէ իր ստացած տեղեկութիւններէն հետեւցնելով որ պահն աննպաստ էր          66 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ    (1912-1913)
                                
   60   61   62   63   64   65   66   67   68   69   70