Page 64 - Demo
P. 64
երկրին մէջ իրական բարենորոգումներ տեղի չունենան Թէպէտ այս պահուս : իբր թէ Զէյթունի մէջ տիրող յուզումը հանդարտած կ՚երեւի առերեւոյթ կերպով՝ կայսերական ներումին հետեւանքովը բայց մենք ստոյգ տեղեկութիւններ , ունինք թէ Թուրք կառավարութիւնը կ՚ուզէ քայքայել այդ լեռնական ժողովուր -դին բացառիկ դիրքը մի անգամ ընդ միշտ ապահովուելու համար ապագայ , խլրտումներու վտանգէն : Վիճակը միեւնոյնն է Հաճընի եւ Չօք Մարզուանի համար որոնք այլ եւս , Կիլիկիոյ դաշտին մէջ Հայկական անձնապաշտպանութեան ոգին կը մարմ -նացնեն իրենց մէջ : Բ.— Ժողովուրդին տրամադրութիւնը .— Վերոյիշեալ տեղերու բացառիկ կացութիւնը թէպէտ ժողովրդեան մէջ ստեղծած է ճակատագրական րոպէն վայրկեան մը առաջ փութացնելու տրամադրութիւնը այսու հանդերձ իրենց , նպատակին յաջողութիւնը կախում ունի նաեւ իրենց դրացի գիւղերու եւ քաղաքներու համագործակցութենէն Այս համագործակցութիւնը այն ատեն : միայն կրնայ արդիւնաւորութիւն խոստանալ երբ նմանօրինակ քաղաքական հանգամանքներ զիրենք ալ մղեն այն միեւնոյն դիրքին ուր կը գտնուին այս պահուս վերոյիշեալ կեդրոնները Եւ կարգ մը իրողութիւններ միացած այ : , -սօրուան երկրին կացութիւնը կազմող պայմաններուն հետ մեզի այն մտածու , -մը կու տան թէ այդ մտայնութեան ստեղծումը պարզապէս շաբաթներու եւ ամիսներու խնդիր մըն է միայն : Գ.— Քաղաքական հանգամանք .— Վերոյիշեալ երկու վիճակներուն գոյու -թիւնը անշուշտ բաւական պիտի չըլլար արդիւնաւորելու ոեւիցէ ժողովրդական հարկադրուած շարժում եթէ քաղաքական որոշ հանգամանքներ յաջողութեան , կարելիութիւն չստեղծէին : Անուրանալի իրողութիւն մըն է թէ իտալական ու Պալքանեան պատերազմ -ներու պահուն՝ Հայ ժողովուրդը ազգային դատին ի նպաստ ամենէն թանկագին պատեհութիւնները կորսնցուց շնորհիւ իր անտարբերութեան Բայց Թուրքիա : անակնկալներու եւ բացառիկ պատեհութիւններու թատերաբեմը պիտի մնայ դեռ երկար ատեն Պալքաններու պատերազմը Թուրքիոյ տուաւ ջախջախիչ : հարուածը եւ անոր քաղաքական եւ զինուորական կազմը քայքայումի ենթար -կեց Այսօր երկրին մէկ ծայրէն միւսը կը տիրապետէ կատարեալ կազմալուծում: ու անիշխանութիւն եւ բացայայտ է որ այս քաոսային դրութիւնը պիտի շարունակուի եւ թերեւս Թուրքիա դեռ ինքզինքը չի գտած՝ իր առջեւ պիտի ցցուին քաղաքական նոր բարդութիւններ եւ ազգայնականութեան անջտո , -ղականութեան հարցեր ու հողային գրաւումի ճակատագրական պատահակա -նութիւններ պիտի փոխադրուին Փոքր Ասիոյ եւ Արաբիոյ կողմերը Սխալած : չենք ըլլար եթէ ըսենք որ այսօրինակ քաղաքական հանգամանքներու զուգադի -պող հայկական լաւ կազմակերպուած եւ լաւ առաջնորդուած շարժում մը պիտի կրնայ օգտակարապէս ծառայել Հայկական Դատին նպաստաւոր վախճանին: 64 |ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ (1912-1913)

