Page 63 - Demo
P. 63


                                    Մասնաւորելով մեր Խօսքը Կիլիկիոյ վրայ ուր արդէն իսկ Զէյթունի Հա    ,    ,  -ճընի եւ Չօք Մարզուանի կողմերը վտանգաւոր վիճակ մը կը տիրէ եւ ուր կարգ                 մը բացառիկ պարագաները մասնաւորապէս մտահոգիչ մթնոլորտ մը ստեղծած         են ժողովրդական անձկութեան եւ ապագայ արիւնոտ պատահականութեանց,        գոյութիւնը շեշտուած պիտի մնայ այն տեղ թէ՛ իսկ դիւանագիտական դիմում          -ները յաջողապէս պսակուին Հայաստանի բարենորոգմանց մասին իրենց       հետապնդած յոյսերուն մէջ քանի որ Կիլիկիան բարենորոգութեանց շրջագծէն  ,       բացարձակապէս դուրս պիտի մնայ եւ ատով իսկ նշաւակը պիտի ըլլայ          կուտակուած եւ զսպուած վրէժխնդրութիւններ ու Չենք կրնար նաեւ լռելեայն    [ ]:     անցնել սա պարագան որ տրուած ըլլալով բուն Հայաստանի Նահանգներուն    ,      այսօրուան անապահով եւ խռովեալ վիճակը այդ նահանգներուն մէջ    ,    պատահող ո՛եւէ խառնաշփոթութիւն չի կրնար իր հակահարուածը չունենալ          Կիլիկիոյ Նահանգին մէջ Այս ամէն բացառիկ հանգամանքները միանգամ ընդ  :       միշտ կը շեշտեն գլխաւորապէս Կիլիկիոյ մէջ իրագործելու Ազգային ինքնա           -պաշտպանութեան բացառիկ միջոցներ՝ կարենալ վստահօրէն դիմագրաւելու      փորձանքը որ կրնայ առաջ գալ նոյն իսկ մօտաւոր ապագայի մէջ          : * Այսօր Կիլիկիոյ այն զանազան կէտերուն վրայ ուր Հայ բնակչութիւնը     ,    ջարդի տագնապալից օրերուն կրցած է քիչ շատ անձնապաշտպանութեան         գործը յաջողութեամբ արդիւնաւորել թուրք կառավարութիւնը առանց երբեք  ,  ,   նկատի առնելու երկրին գոյութեան սպառնացող վտանգները ամենախիստ     ,  միջոցներով կարծես Խաղալ կ՚ուզէ ժողովուրդին համբերատարութեանը հետ       եւ եթէ երբեք կառավարական այս միջոցները շարունակեն իրենց սաստկու          -թիւնը կամ աւելի խստանան թերեւս ժողովուրդը իր կեանքի ու գոյութեան   ,         բաղդը պիտի ուզէ փորձել իր զէնքին ոյժովը եւ այդ պարագային՝ մեր Ազգային             « Պաշտպանութեան Քոմիթէն իր նուիրական պարտքը պիտի սեպէ ո՛չ միայն »          օժանդակել հարկադրուած շարժումի մը մէջ մղուած կռիւի մը այլ եւ առաջ             -նորդել զիրենք իրենց ձերբազատումին գործին յաջողութեանը համար Այդ      :  տեսակ շարժում մը մենք կը հաւատանք թէ արուեստական միջոցներով կարելի             չէ ստեղծել անիկա կրնայ ծագում առնել եւ քաջալերուիլ մեր Քոմիթէին կողմէ .           երբ 1.— Երկրին կացութիւնը ստիպողական եւ անհրաժեշտ դարձնէ զայն       . 2.— Ժողովուրդին հաւաքական ու ամբողջ տրամադրութիւնը պատրաս        -տուած ըլլայ . 3.— Քաղաքական հանգամանքները նպաստաւոր ըլլան   . 4.— Դիւանագիտութիւնը յոյսեր ներշնչէ զայն արդիւնաւորելու    . 5.— Ժողովրդեան պաշտպանութեան միջոցները լիապէս գոհացուած     ըլլան:  Ա.  —Երկրին կացութիւնը .— Այս մասին արդէն վերեւ պարզեցինք մեր տես       -ութիւնը եւ այս կացութիւնը դժբաղդաբար պիտի տեւէ այնչափ ատեն որ այդ,             ՆԻՒԹԵՐ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ    (1912-1913)| 63
                                
   57   58   59   60   61   62   63   64   65   66   67